Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանին Երաշխիքներ Ապահովեց` Նաւթի Եւ Կազի Արտահանումի Իմաստով»

Սեպտեմբեր 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր հանդիպումին պատճառը բնական է, որովհետեւ իրենք դաշնակից են, եւ դաշնակից ուժերը իրարու հետ կը խորհրդակցին ու աշխատանքը կը համադրեն:

Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է դժուար փուլ մը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրական կարեւոր գործընթաց մըն է, որ պէտք է կատարուի:

Ուահապ նշեց, որ ինք սէյիտ Նասրալլայի հետ հանդիպումէն դուրս եկած է հզօր տրամադրութեամբ եւ վստահ, որ Լիբանան զօրութիւն ունի եւ կրնայ դիմադրել թշնամի Իսրայէլին, եթէ վերջինս փորձէ ռմբակոծել Լիբանանը:

«Սէյիտ Նասրալլա ստեղծագործ հարուածով մը կրցած է Լիբանանին երաշխիքներ ապահովել` նաւթի եւ կազի արտահանումի իմաստով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ծովային սահմանագծումին, թիւ 23 սահմանագիծին եւ Կանայի հանքին շուրջ համաձայնութիւնը արդէն իսկ արձանագրուած է:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ Լիբանան պիտի կարենայ ջրային իր հարստութենէն օգտուիլ: «Մօտիկ ապագային պատերազմի նախատեսում չկայ, բացի եթէ իսրայէլացին իր անխոհեմութիւնը կատարէ»:

Այլ առումով, Ուահապ նշեց, որ Լիբանանի հիմնական հարցը իշխող աւազակախումբն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական քինախնդրութիւնը: «Այդ շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` նախագահական պալատէն հեռանալէն օր մը ետք Լիբանանի մէջ օրական 10 ժամուան համար ելեկտրական հոսանք պիտի հայթայթուի», ըսաւ ան:

Ուահապ շեշտեց, որ ինք այլեւս երեսփոխանական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, այլ պիտի մնայ իր կուսակցութեան ճամբով քաղաքական կեանքին մէջ` առանց փոխադարձի:

17 հոկտեմբերի «յեղափոխութեան» մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ յայտնեց, որ անիկա սմբուկի յեղափոխութիւն է` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանի մէջ յանդուգն կառավարիչ մը ըլլայ, ապա 17 հոկտեմբերի շարժումին բոլոր պատասխանատուները կը բանտարկէ: Ուահապ յայտնեց նաեւ, որ բարեկարգչական յեղափոխականներուն գոյութիւնը կը նմանի սունկերու, որոնք կը գտնուին փտած քաղաքագէտներու ոտքերուն կից: «Լիբանանցին իր անձին դէմ թշնամութիւն գործած է, երբ ընտրած է քաղաքական իշխանութեան վատ այլընտրանքը», հաստատեց ան:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ շեշտեց, որ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն պիտի չկատարուի, «սակայն եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ համաձայնութիւն յայտնէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, ապա վերջինս վաղն իսկ նախագահ կրնայ ընտրուիլ», ընդգծեց ան:

Ուահապ նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի դիւրանայ:

«Կը նախընտրէի, որ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ չընտրուէր, որովհետեւ ան կռուի դաշտ մուտք գործեց առանց զէնքերու, մինչդեռ աւազակախումբը անկէ շատ աւելի հզօր էր», ըսաւ ան:

Ուահապ նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ արգիլեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Ապօրինի Գաղթի Թղթածրարը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?