Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.000 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 10.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը սղած է 9000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 686.000...

Նախագահական Ընտրութեան Ելք Մը  Ապահովող Նախագիծը` Առկախուած

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Նախագահական Ընտրութեան Նիստը

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որուն պիտի մասնակցին գրեթէ բոլոր երեսփոխանական պլոքները: Կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան այս լիագումարը ըլլայ «Բազկերակ շօշափել»-ու նիստ մը` իմանալու համար երեսփոխանական պլոքներուն ուղղուածութիւնն ու կեցուածքները: Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հոկտեմբեր ամսուան վերջը ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքի պաշտօնական...

Նախագահ Աուն Պայրամի Հետ Քննարկեց Ծովային  Սահմանագծումի Վերաբերող Դրական Լուրեր

Նախագահ Աուն Պայրամի Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումի Վերաբերող Դրական Լուրեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, որ նախագահին ներկայացուց Գահիրէի մէջ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած Աշխատանքի արաբական կազմակերպութեան խորհրդաժողովին արդիւնքները: Պայրամ նախագահ Աունի հետ քննարկեց նաեւ պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձերուն վերաբերող յաւելումներուն թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ նախագահ Աուն զինք տեղեակ պահած է ծովային սահմանագծումին եւ նաւթ ու կազի...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Վաւերացուց Մտաւոր Սեփականութեան Իրաւունքի  Շուրջ Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւնը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Մտաւոր Սեփականութեան Իրաւունքի Շուրջ Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւնը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը աւարտեց Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի համաձայնագիրին միանալու կարելիութեան անդրադարձող օրինագիծի քննարկումը եւ վաւերացուց այդ իմաստով համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը: Ալամէ հաստատեց, որ Մտաւոր...

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գործունէութեան  Առաջնահերթութիւնները

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գործունէութեան Առաջնահերթութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութեան եւ Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա հաստատեց, որ Միքաթիի Նիւ Եորք այցելութիւնը յաջող էր եւ կը պարփակէր բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպումը: Ան նշեց, որ...

Պըրրի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց վերամուտին կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներուն եւ համալսարաններուն տրամադրուելիք հատուցումները` խորհրդարանին վաւերացուցած ամավարկին ընդմէջէն: Պատասխանելով արհեստից ուսման մարզին մէջ դասաւանդող...

Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Սէուտցի Դեսպանին Հետ

Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտցի Դեսպանին Հետ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Նետիմ Ժեմայէլի եւ Էլիաս Հանքաշի, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան արտաքին հարցերու պատասխանատուներուն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ արաբական եւ արեւմտեան հասարակութիւնները պատրաստ են զօրակցելու լիբանանեան պետութեան:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.600 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 27.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 27.000 լ. ոսկիով, մազութը` 34.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը սղած է 11.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 677.000...

Նախագահ Աուն «Մայյաս»-ը Պարգեւատրեց  Լիբանանեան «Արժանեաց» Ոսկեայ Շքանշանով

Նախագահ Աուն «Մայյաս»-ը Պարգեւատրեց Լիբանանեան «Արժանեաց» Ոսկեայ Շքանշանով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց «Մայյաս» լիբանանեան պարախումբը` նախագահութեամբ պարախումբի հիմնադիր` պարերու բեմադրիչ Նետիմ Շըրֆենի: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց «Մայյաս» պարախումբը, անոր անդամներն ու պարուսոյցը, որոնք բացառիկ ներկայացումով մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու «Ամերիքազ կաթ թելընթ» տաղանդներու մրցաշարքին եւ իրենց բծախնդրութեամբ ու հմայիչ ներկայացումով արձանագրեցին հսկայ յաղթանակ մը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք վստահ էր Լիբանանի անունով «Մայյաս»-ի...

Պըրրի Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները,  Թէ Ինք Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին  Իր Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ հինգշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա աւելի քան անհրաժեշտութիւն է: Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է, որպէսզի երկիրը դէպի «սահմանադրական քաոս» մուտք չգործէ: Պըրրի բարձր...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Հանրապետութեան Նախագահին Ժողովրդային  Ներկայացուցչութենէն Կարելի Չէ Զիջիլ»  Շեշտեց Պասիլ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահին Ժողովրդային Ներկայացուցչութենէն Կարելի Չէ Զիջիլ» Շեշտեց Պասիլ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Հանդիպումէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ լսած են կեցուածքներ ու տեսակէտներ, որոնց մասին զոյգ մը լիբանանցիներ չեն կրնար իրարու հակառակիլ: «Մեր այցելութիւնը կը միտի զօրակցութիւն յայտնել միւֆթի Տըրիանի կեցուածքներուն, յատկապէս սահմանադրութեան...

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց  Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը` ընկերակցութեամբ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.750 լ. ոսկի է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ռուտաքով հաստատեց Ռուսիոյ յանձնառութիւնը Լիբանանի քաղաքական կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շեշտեց անոր դիմագրաւած տագնապը թօթափելու անհրաժեշտութիւնը: Ռուտաքով ընդգծեց, որ Ռուսիա լիբանանցիներուն 430 թոն ձէթի նուիրատուութիւն մը կատարած է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի...

«2022-ի Պետական Ամավարկը Թիւերու  Բախման Եւ Սղաճի Ամավարկ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«2022-ի Պետական Ամավարկը Թիւերու Բախման Եւ Սղաճի Ամավարկ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ երէկ խորհրդարանի գիշերային նիստին իր մասնակցութիւնը չէ բերած, որովհետեւ համոզուած չէ եղած պատրաստուած պետական ամավարկով: «2022-ի պետական ամավարկը բարեկարգումի յստակ ծրագիր, ինչպէս նաեւ երկիրը վերականգնելու տնտեսական եւ ընկերային ամբողջական տեսլական չ՛ընդգրկեր: Այս ամավարկը թիւերու բախման եւ սղաճի ամավարկ է, իսկ քաղաքացին մեծագոյն տուժողն է», շեշտեց Յ....

2022-ի Պետական Ամավարկը  Վաւերացուեցաւ 63 Թեր Քուէներով

2022-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացուեցաւ 63 Թեր Քուէներով

Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը: Մինչ խորհրդարանը կը գումարէր իր նիստը, հանգստեան կոչուած բանակայինները խորհրդարանին դիմաց բազմամարդ նստացոյց մը կազմակերպեցին եւ փորձեցին ներխուժել խորհրդարան` բախելով խորհրդարանի ապահովութեան ուժերուն, բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք ստիպուեցան նոյնիսկ արցունքաբեր...

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: Պու Սաապ հաստատեց, որ Հոքշթայնի ուղարկելիք գրաւոր առաջարկը Պաապտա պիտի հասնի այս շաբթուան ընթացքին: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի...

Մաուլաուի. «Ապահովութեան Ուժերուն  Պարտականութիւնը Չէ Դրամատուներուն  Դռներուն Դիմաց Պահակութիւն Կատարել»

Մաուլաուի. «Ապահովութեան Ուժերուն Պարտականութիւնը Չէ Դրամատուներուն Դռներուն Դիմաց Պահակութիւն Կատարել»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջին փուլին լիբանանեան ապահովական կառոյցները կրցած են ձախողցնել 24 ապօրինի գաղթի գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանան վերադարձուցած են 200 գաղթականներ: Մաուլաուի շեշտեց, որ այն ուժերը, որոնք կը մղեն լիբանանցիները` դրամատուներուն մէջ քաոս ստեղծելու, կը բացայայտեն իրենք զիրենք եւ ամէնօրեայ դրութեամբ դուրս կու գան սպառնալիքներով եւ յայտարարութիւններով: «Ապահովութեան...

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, հոկտեմբեր 29-էն 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը: Հետեւաբար պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ:

Խասաունէ Յորդանանի Մէջ Ընդունեց Լիբանանի,  Սուրիոյ Եւ Իրաքի Երկրագործութեան Նախարարները

Խասաունէ Յորդանանի Մէջ Ընդունեց Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Երկրագործութեան Նախարարները

Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէ երէկ ընդունեց Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի երկրագործութեան նախարարներ Ապպաս Հաժ Հասանը, Մոհամետ Հասան Քաթնան եւ Մոհամետ Քերիմ Խաֆաժին` ներկայութեամբ Յորդանանի երկրագործութեան նախարար Խալետ Հանայֆաթի: Խասաունէ շեշտեց չորս երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ իրարու լրացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով նաեւ արաբական տարբեր երկիրներու հետ գործակցելու կարելիութիւններ ստեղծելու կարեւորութիւնը: Խասաունէ հաստատեց նաեւ, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կը զօրակցի սննդեղէնի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ ապահովական ուժերը ամէնօրեայ դրութեամբ կը ձերբակալեն ապօրինի գաղթ կազմակերպող նաւեր` աւելցնելով, որ կան ցանցեր, որոնք...

Page 313 of 988 1 … 312 313 314 … 988

Արխիւներ