Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Կը Նախագահէ 2023-ի Պետական Ամավարկը Քննարկող Նիստի Մը

Հոկտեմբեր 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձաւ 2023-ի պետական ամավարկը:

Նիստին ներկայ էին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարի խորհրդական Ժորժ Մաարրաուի եւ Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ասեմ Արաժի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան պիտի գործադրէ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի պաշտօնական նոր սակը, որ 15.000 լ. ոսկի է:

Ան շեշտեց, որ պաշտօնական նոր սակին գործադրութիւնը պիտի կատարուի աստիճանաբար` աւելցնելով, որ առաջին փուլին այդ որոշումէն զանց պիտի առնուին դրամատուներէն անձնական վարկ վերցուցած եւ բնակարանային յատուկ վարկ ստացած քաղաքացիները, որոնք պիտի շարունակեն իրենց մուրհակները վճարել նախկին պաշտօնական սակին հիման վրայ:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ 38.000 լ. ոսկիի հասնող սեւ շուկայի սակին եւ այլ սակերուն միջեւ արձանագրուած բացը պէտք է վերջ գտնէ, եւ հարցերը պէտք է հաւասարակշռուին: «Կարելի չէ պետական սակին եւ շուկայի սակին միջեւ այս տարբերութիւններով շարունակել ընթացքը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ բոլորը հանգրուանային կերպով պիտի լուծուին:

Ան նշեց, որ 15.000 լ. ոսկիի պաշտօնական սակը սկզբունքով պիտի գործադրուի մաքսատնային տուրքերու, ներածուած արտադրութիւններու, ինչպէս նաեւ յաւելուած արժէքի տուրքի պարագային, «իսկ մնացեալ գործառնութիւնները, որոնք պաշտօնական նոր սակին հիման վրայ պիտի կատարուին` պիտի ճշդուին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին կողմէ հրապարակուած որոշումներով», շեշտեց ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իննսունականներէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յաւելում պիտի կատարէ ելեկտրական հոսանքի մատակարարման սակին պարագային:

Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ դրամատնային մարզը վերակազմակերպելու եւ վերակառուցելու օրէնքը` հաստատելով, որ Պէյրութ յանձնառու կը մնայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան յանգելու, հակառակ անոր որ այդ ֆոնտը Լիբանանը մեղադրեց բարեկարգումներուն գործադրութեան մէջ յապաղելու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով. Լիբանանեան Բանակը Յանձնառու Է 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Նաւթ Եւ Կազ Արտահանելու Մեր Իրաւունքը Պիտի Ստանանք»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?