 Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Աննա Կեկենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Աննա Կեկենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կը կատարուի` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնը խորհրդարանին պարտականութիւնն է:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ երեսփոխանները իրենց ընտրանքները ճշդեն այդ իմաստով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք յանձնառու է Լիբանանի կողմէ Միջազգային դրամական ֆոնտին խոստացուած բարեկարգումներու գործադրութեան, ինչպէս` դրամատնային համակարգի վերակառուցման, քեփիթըլ քոնթրոլի ծրագիրին, դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքին վերատեսութեան ենթարկումին, «յատկապէս նկատի ունենալով խորհրդարանին կողմէ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` դիտել տալով, որ կան որոշ արգելքներ, որոնց լուծման համար ջանքեր ի գործ կը դրուին:
Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի հարցին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն իր գրաւոր առաջարկը ներկայացուցած է Լիբանանին, որ ըստ այնմ պիտի պատասխանէ այդ առաջարկին:
Ան շեշտեց, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին ճիգ չէ խնայած սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին Լիբանանի շահերուն տէր կանգնելու` աւելցնելով, որ այդ իրաւունքներուն շնորհիւ Լիբանան պիտի կարենայ իր նաւթային հարստութիւնը արտահանել, «իսկ նաւթի հորատման աշխատանքներուն պիտի սկսի «Թոթալ» ընկերութիւնը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է, որ իսրայէլեան կողմին հետ ոչ մէկ գործընկերութիւն կատարուի:
Ան մաղթեց, որ նաւթի արտահանումը դրական սկիզբ մը ըլլայ` լիբանանեան տնտեսութեան տագնապին լուծման համար:
Կեկեն ընդգծեց, որ Ֆրանսա յանձնառու է տարբեր մարզերու մէջ Լիբանանին օժանդակելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթածրարը ֆրանսական կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն կը մնայ:
Կեկեն հաստատեց նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով նախագահական աթոռի թափուր մնալուն մերժումը:
Ան կարեւոր նկատեց նաեւ բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան յանգիլը:
«Ծովային սահմանագծումի իմաստով համաձայնութիւն գոյացնելը Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատելու պատգամ մըն է, որուն ունենալիք ազդեցութիւնը դրական պիտի ըլլայ Լիբանանի տնտեսութեան համար», եզրափակեց Կեկեն:
Պըրրիի Մօտ
 Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեկենը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեկենը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Կեկեն այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին վերաբերող դրական մթնոլորտը:
Կեկեն ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ սահմանադրական գործընթացները ճշդուած ժամկէտին կատարելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
 
			

