ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.000 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 5000 լ. ոսկիով, պիւթակազի շիշը` 6000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 691.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 709.000 լ. ոսկի, մազութը` 811.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 412.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ տնտեսական փլուզումին եւ ապրուստի տագնապին լուծման կարողութիւնը ունի: Խաթիպ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ բոլորին համախոհութիւնը վայելող հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` շաբաթ, 1 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ իսլամ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Ալի Ամինի յիշատակի ձեռնարկին առիթով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ համագործակցութեամբ եւ վճռակամութեամբ կը փորձեն տոկալ Լիբանանի դէմ պարտադրուած շրջափակումին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ելեւմտական թղթածրարները, ինչպէս նաեւ այդ մարզերուն մէջ Լիբանանի ապաքինման կարելիութիւնները:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Լիթանիի, Պորղոզ բարձունքներուն եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:


