Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Ապօրինի Գաղթի Թղթածրարը

Սեպտեմբեր 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական-ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ապօրինի գաղթի թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նիստէն ետք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին իրենք քննարկած են ապօրինի գաղթը կանխարգիլելու նպատակով որդեգրուելիք բոլոր միջոցառումները:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ պետութիւնը պիտի խստացնէ նաւերու արձանագրութեան արտօնագիրներու հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ նախազգուշացման արշաւներ պիտի կազմակերպէ զգուշացնելու համար քաղաքացիները` ապօրինի գաղթի դիմելու վտանգներէն:

Ան նշեց, որ ապահովութեան ուժերը կրցած են ցարդ 24 ապօրինի գաղթի պարագայ կանխարգիլել եւ պատասխանատուները ձերբակալել:

Մաուլաուի հաստատեց, որ ապօրինի գաղթը կը սպառնայ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան:

Միւս կողմէ, Միքաթի ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց տարբեր մարզերը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական խնդիրներ:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի հետ: Քննարկուեցան ցորենի եւ ալիւրի վերաբերող ծրագիրները` նկատի ունենալով, որ երեք շաբաթ ետք Լիբանան պիտի կարենայ ստանալ Միջազգային դրամատան վարկը, որ պիտի տրամադրուի դարձեալ ցորեն ապահովելու նպատակով:

Սալամ աւելցուց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է ելեկտրականութեան եւ ելեկտրածին շարժակներու հարցը, կոչ ուղղած է ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներուն միջեւ հանդիպումի մը հրաւիրելու` որդեգրելու համար գործիքակազմ մը, որուն շնորհիւ պիտի զսպուին ելեկտրականութիւն ստանալու բաժանորդագրութեան սակերը եւ սահմանափակուին ժողովուրդը շահագործելու քայլերը:

Վարչապետին այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան վերաբերող խնդիրներ:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոեն Վերվէյքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, որոնց լուծման համար պէտք է ամրապնդել Լիբանան-Պելճիքա եւ Լիբանան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները:

Վերվէյք ընդգծեց Լիբանանը անկախ, գերիշխան եւ բարգաւաճ տեսնելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի առանձնաբար ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ամին Շըրրին եւ Իպրահիմ Մուսաուին, Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, Նեպիլ Պատըրը, Ահմետ Խէյրը, Իհապ Մաթարը, Զիատ Հաուաթը, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ռուլա Թապըշը:

 

Նախորդը

Ուահապ. «Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանին Երաշխիքներ Ապահովեց` Նաւթի Եւ Կազի Արտահանումի Իմաստով»

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Բանակն Ու Հայրենիքը Քայքայուին»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?