Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Նաւթ Եւ Կազ Արտահանելու Մեր Իրաւունքը Պիտի Ստանանք»

Հոկտեմբեր 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Նաշեր» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով նաւթի ու կազի հորատման տարբեր ընկերութիւններ յայտնած էին, թէ չորրորդ նաւթահորին մէջ կրցած են քարիւղ գտնել, սակայն քիչ քանակութեամբ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ անոնք նման յայտարարութիւն կատարած են, որովհետեւ չէին ուզեր, որ Լիբանան իր նաւթը արտահանէ, «սակայն ներկայիս կը գտնուինք այս թղթածրարը աւարտելու սեմին եւ նաւթ ու կազ արտահանելու մեր իրաւունքը պիտի ստանանք», հաստատեց ան:

Կառավարութեան կազմութեան իմաստով նախագահ Աուն յայտնեց, որ տիրող կացութիւնը տակաւին չէ հասունցած` աւելցնելով, որ ոմանք տակաւին այդ իմաստով խուսանաւումներ կը փորձեն կատարել:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար անոնց ապահով տունդարձը երաշխաւորելու իմաստով Լիբանանի մշակած ծրագիրը:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու իմաստով սուրիական իշխանութիւնները բազմաթիւ դիւրութիւններ ապահոված են, եւ կը փափաքին իրականացնել այդ ծրագիրը` լիբանանեան քոյր պետութեան հետ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի: Քննարկուեցան կրթական մարզին վերաբերող հարցեր:

ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա այսօր կամ կիրակի օր նախագահ Աունի պիտի յանձնէ ծովային սահմանագծումի մասին պատասխան նամակ մը, որ պիտի ըլլայ գրաւոր: Տարբեր աղբիւրներ նշեցին, որ այդ պատասխանին բովանդակութեան մասին տուեալներ չկան` աւելցնելով սակայն, որ մթնոլորտը դրական է, եւ Լիբանան իր պահանջած բոլոր իրաւունքները պիտի ստանայ:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Կը Նախագահէ 2023-ի Պետական Ամավարկը Քննարկող Նիստի Մը

Յաջորդը

«Ֆրանսան Կը Շարունակէ Աշխատիլ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Յարգման Համար» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?