Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու նախկին բանագնացն էր, յայտնեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, ծովային սահմանագծումի առումով Լիբանան իր պահանջները հարիւր առ հարիւր ստացած է:
Շինքըր ընդգծեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա այսպիսով ոչինչ պարտադրեց Իսրայէլին, այլ` Իսրայէլ իր համաձայնութեան քայլով Հըզպալլայի զէնքը իր իմաստէն եւ գոյութեան նպատակներէն պարպեց:
Շինքըր նկատել տուաւ, որ ինք ցաւ կը զգայ, որ այս համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի` լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ առանց փոփոխութիւն մը իսկ յաջողցնելու:
Անդրադառնալով իրանեան նաւթին` Շինքըր հաստատեց, որ իր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ պիտի չհաստատէ` աւելցնելով, որ անցեալին նման փորձառութիւն մը ապրած է Լիբանանը, եւ իրանեան նաւթը տեւած է միայն երեք օր: «Այս ճշմարտութիւնը խոցելի է եւ ծաղրանքի առարկայ: Իրան ի՞նչ կրնայ ներկայացնել Լիբանանին, երբ ան սնանկացած երկիր է եւ անոր ժողովուրդը` անօթի», հարց տուաւ ան:
Նախագահական ընտրութեան մասին Շինքըր հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը օր մը օրանց նախագահի նշանակում չէ կատարած` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ բռնի ուժով նախագահական պալատին մէջ մնալու մտավախութիւնը լուրջ է, «եւ այդ մէկը Լիբանանը վատ պատկերով պիտի ներկայացնէ», յայտնեց ան:


