Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով. Լիբանանեան Բանակը Յանձնառու Է 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան

Հոկտեմբեր 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ զօր. Լասարօ ժողովին ընթացքին հաստատած է, թէ Ապահովութեան խորհուրդը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իր նիստին ընթացքին շեշտած է եռակողմանի այս հանդիպումներուն կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած է սահմանային Կապոյտ գիծին վիճակը եւ գործուած ցամաքային ու օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են թիւ 1701 բանաձեւին:

Զօր. Լասարօ, ակնարկելով թիւ 2650 բանաձեւին, ընդգծեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է յանձնառու մնան սահմանային Կապոյտ գիծին դէմ որեւէ խախտում կասեցնելու:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանեան կողմը անդրադարձած է ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող իսրայէլեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններուն:

Բանակը վերահաստատած է նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան իր յանձնառութիւնը եւ կոչ ուղղած ՄԱԿ-ին Իսրայէլի վրայ ծանրագոյն ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ան վերջ տայ թշնամական իր քայլերուն:

Լիբանանեան բանակը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլը նահանջէ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարի հիւսիսային շրջանէն:

Նախորդը

Քաթարեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սալամի Եւ Շքէյրի

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Կը Նախագահէ 2023-ի Պետական Ամավարկը Քննարկող Նիստի Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?