Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.900 լ. ոսկի է:

ԹԱՅՅՈՒՆԷԻ միջադէպին ընթացքին ձերբակալուած անհատներու ընտանիքներ երէկ երեկոյեան որոշ ժամանակի համար հրկիզուած անիւներով փակեցին Թայյունէի ճամբան:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանին կը վերադարձնէ ներքին եւ արտաքին վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց կազմել կառավարութիւն մը, որ կը յարգէ այլեւս ոչինչ հանդուրժող ժողովուրդի մը զգացումները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 12.000 լ. ոսկիով, մազութը` 14.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 680.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 697.000 լ. ոսկի, մազութը` 797.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 409.000 լ. ոսկի:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ ամերիկացի պատասխանատուներու հետ քննարկած է Լիբանանի փրկութեան եւ ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ կ՛ուզեն ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ բարեկարգչական է եւ գերիշխանական: Միւս կողմէ, Քանաան նկատել տուաւ, որ մաքսատնային տոլարի որեւէ փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ նկատի ունենալ լիբանանեան հասարակութեան իրականութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանան իր բոլոր իրաւունքներուն պիտի տիրանայ` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան յանգիլ չի նշանակեր, որ Իսրայէլի հետ տագնապը լուծուած է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին բարձր կրակի վրայ պիտի զետեղուի` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կրնայ լիբանանեան երկխօսութեան նիստ մը հիւրընկալել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանան իր իրաւունքները կրցաւ առնել իր ուժին ու զօրութեան շնորհիւ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթ ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխան Միշել Մուաուատ նախագահական ընտրութեան իրենց վերջնական թեկնածուն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութեան հաստատած նոր տարազը իսրայէլացիներուն եւ անոնց հետեւորդ մեծ պետութիւններուն մտավախութիւն կը պատճառէ:

 

Նախորդը

Կենսոլորտի Տօնը` Պքերքէի Մէջ. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Կատարեց Երեք Շարականներ

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Շարունակեց Քննարկել 2023-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?