Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին իրավիճակն ու Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերն ու ընդհարումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին որդեգրած քայլերը` սահմաններուն հսկելու, մաքսանենգումը եւ լիբանանեան հողեր ապօրինի մուտքը արգիլելու վերաբերեալ:
Այս շրջագիծին մէջ Սլիմ ընդգծեց ապօրինի ծովային գաղթը կասեցնելու եւ կանխարգիլելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ գաղթականներով լեցուած նաւերը ծովամոյն դառնալու պարագային կը պատճառեն մարդկային կորուստներ եւ կը վերածուին աղէտներու:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը քննարկելու նաեւ բանակայիններուն նիւթական իրավիճակը եւ զայն կայուն պահելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերն ու ամէնօրեայ դրութեամբ բանակին դէմ ծառացող ելեւմտական մարտահրաւէրները:
Զօր. Աուն եւ Սլիմ հաստատեցին բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն փուլին ընթացքին երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ոճրագործներու եւ աւազակախումբերու, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի դէմ պայքարելու եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով:
Սլիմ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին նկատմամբ եւ կը հաւատայ, որ բանակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորողը` իր զինուորներուն նուիրումով եւ զոհողութիւններով:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն իր կարգին Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի բանակի հրամանատար զօր. Թիերի Պուրխարտ, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան ու ֆրանսական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները:
Զօր. Պուրխարտ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` հաստատելով Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը կարող է պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանցիները` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարութիւնը ճիգ չի խնայեր մեղմացնելու համար տագնապին ծանրութիւնն ու զինուորականներուն բեռը:


