Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք. Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

October 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ ստացաւ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկը:

Այս առումով, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ խորհրդակցեցաւ անոնց հետ, որպէսզի  կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային պատասխան մը ապահովել Հոքշթայնի առաջարկին:

Տորըթի Շիա այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որոնց եւս յանձնեց Հոքշթայնի առաջարկին պատճէնները: Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Շիա ըսաւ. «Ծովային սահմանագծումին առումով կացութիւնը շատ դրական կը թուի ըլլալ»:

Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումի նախագիծը դրական է եւ սկզբունքով կ՛ընդառաջէ Լիբանանի պահանջներուն, որոնց հիմամբ կը մերժուի ցամաքային սահմաններուն վրայ ազդեցութեան մասին որեւէ զիջում կատարել:

Պըրրի յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումին մասին վերջնական համաձայնութեան պարագային, համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Նաքուրայի մէջ:

Ամերիկացի բանագնացին գրաւոր առաջարկէն օրինակ մը յանձնուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան:

Նախագահ Աուն Լիբանանի իշխանութեան պետերը հրաւիրած է խորհրդակցութեան մը, որ պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պաապտայի մէջ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն կէսօրուան ժամը 1:00-ին պիտի նախագահէ թեքնիք այլ ժողովի մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան, բանակային մը, քարիւղի մարզէն ներկայացուցիչ մը եւ սահմանագծումի աշխատանքներուն հետեւող թեքնիք յանձնախումբը:

Պէտք է աւելցնել, որ Պու Սաապ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ մթնոլորտը աւելի քան երբեք դրական է:

Հոքշթայնի առաջարկի տուեալներուն ծանօթ եւ այդ առաջարկը մեկնաբանող աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լիբանան իր բոլոր պահանջներուն տիրացած է եւ Իսրայէլին ոչ մէկ ապահովական գօտի պիտի զիջի:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին պիտի յղէ պաշտօնական նամակ մը, որ կը բովանդակէ իր համաձայնութիւնը` Հոքշթայնի առաջակին, սակայն պիտի չստորագրէ որեւէ համաձայնագիր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի տագնապին լուծումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի համար առաջնահերթութիւն է:

Նախարարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ սահմանագծումի համաձայնագիրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շրջանին կայունութիւնը ամրապնդել:

Յայտնենք, որ Լիբանանին յղուած Հոքշթայնի առաջարկը ուղղուած է նաեւ Իսրայէլի, որ իր կարգին պէտք է պատասխանէ այդ առաջարկին:

Այս շրջագիծին մէջ Իսրայէլի մէջ նաեւ արձանագրուեցան պաշտօնական կեցուածքներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ բանավէճ մը իսրայէլացի պատասխանատուներու միջեւ:

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ իրենք Հոքշթայնի առաջարկին մասին վերջին խորհրդակցութիւնները կը կատարեն` աւելցնելով, որ տակաւին կարելի չէ վերջնականապէս շնորհաւորել, «բայց Իսրայէլ կ՛ուղղուի համաձայնութիւն յայտնելու այդ առաջարկին` նկատի ունենալով Իսրայէլի համար անոր վերապահած շահերը», ըսաւ ան:

Լափիտ յայտնեց, որ իրենք չեն մերժեր, որ լիբանանեան իշխանութիւնը այլ նաւթահորէ մը նաւթի եւ կազի արտահանում կատարէ` աւելցնելով, որ նման պարագայի Լիբանան աւելի նուազ պիտի յենի Իրանի վրայ, եւ Հըզպալլայի գործունէութիւնը պիտի սահմանափակուի` ծառայելով շրջանային կայունութեան:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Լափիտ անամօթաբար անձնատուր եղած է սէյիտ Նասրալլայի սպառնալիքներուն:

Ան հաստատեց, որ Լափիտ իսրայէլացիներուն պատկանող կազի հանքէ մը զիջած է, եւ ատիկա կատարած է առանց խորհրդակցելու Քնեսեթին հետ կամ առանց հանրաքուէի դիմելու:

«Եթէ ծովային սահմանագծումի ապօրինի համաձայնագիրը իրականութիւն դառնայ, ապա մենք ստիպուած պիտի չզգանք յարգել զայն: 1 նոյեմբերին Իսրայէլ պիտի վերադառնանք հզօր ղեկավարութեամբ, փորձառու ղեկավարութեամբ` պաշտպանելու համար բոլորին անվտանգութիւնը», հաստատեց ան:

Լափիտ Նեթանիահուին պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Նեթանիահու, տասնամեակէ մը ի վեր ձախողած ես Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծման համաձայնագիրին հասնելու, նուազագոյնը մի՛ վնասեր Իսրայէլի ապահովական շահերուն եւ անպատասխանատու պատգամներով օգտակար մի՛ դառնար Հըզպալլային»:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը ապահովական երաշխիք չի նկատուիր` ապագային բախումները կանխարգիլելու իմաստով:

Կանց նշեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ամրապնդէ սահմանային կայունութիւնը եւ պիտի զսպէ Իրանին հետեւորդ ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ծովային սահմանագծումը Իսրայէլի եւ Լիբանանի համար պիտի ըլլայ օգտակար` տնտեսական առումով:

Նշենք նաեւ, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ամոս Եատլին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի մասին տուեալներն ու չափանիշները չեն ճշդուած` աւելցնելով սակայն, որ ճշմարտութիւն յուշող ենթադրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ստացած է իր բոլոր պահանջները, մինչդեռ Իսրայէլ շատ աւելի բան զիջած է, քան` Լիբանանը:

Նախորդը

Զօր. Աուն Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Քննարկեց Սլիմի Հետ

Յաջորդը

Մենենտես Երկու Նոր Նախաձեռնութիւն Կատարած Է

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.