Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի երէկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Ռիաշի նշեց, որ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:
Ռիաշի նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով իրենք նոյն տեսակէտը կը բաժնեն` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ յարաբերութիւնը աւելի քան լաւ է, «այլ` բացառիկ», ըսաւ ան:


