Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 54.600 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 50.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 51.000 լ. ոսկիով, մազութը` 50.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 32.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 958.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 982.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.007.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 613.000 լ. ոսկի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ գուժեց նախկին երեսփոխան եւ նախարար Ապտալլա Ամինի մահը` հաստատելով, որ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարած է թշնամի Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ գործած ի խնդիր լիբանանեան միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Մաուլաուի անհաւանական նկատեց, որ տնտեսական կացութիւնը ընկերային պայթում պատճառէ: Ան շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը վարչական իմաստով պատրաստ է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին թղթածրարը: Ապսի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հոգատարութիւնը եւ բարգաւաճումը ազգային պարտականութիւն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Նաամէի թափօններու թաղման վայրին մօտ ապրող բնակիչները շատ մտահոգ են այդ թղթածրարին լուծման ուշացումէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնը պէտք է վերահաստատուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը Լիբանանի մէջ առկայ դիւանագիտական անձնակազմին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կը ջանայ դեղորայքի օժանդակութիւն ապահովել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ երկրին կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում: Ան նշեց, որ սննդեղէնի ներածումը մեծ կարեւորութիւն մը չի ներկայացներ, որովհետեւ հիմնական հարցը այն է, որ քաղաքացին սննդեղէն գնելու կարողութիւն չունի: «Այս հարցի լուծումը կարելի պիտի ըլլայ, երբ Լիբանանը բարեկարգումի նոր հունին վրայ զետեղուի, իսկ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նախագահական ընտրութիւն կատարելուն», ըսաւ Պոհսալի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Ընդհանուր ապահովութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի 12-րդ Յաղթանակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակ. «Թշնամիին Պատկանող Փշաթել Մը Կապոյտ Գիծէն Անդին Շպրտեցինք»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.