Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 52.500 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 9000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 908.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 931.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 957.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 581.000 լ. ոսկի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Պէյրութը չի յոգնիր եւ անձնատուր չ՛ըլլար` աւելցնելով, որ հիմնական վստահութիւնը լիբանանեան միասնականութեան վրայ է: Մքերի արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումը ունեցաւ նկատի ունենալով Պէյրութը արաբական տեղեկատուութեան 2023-ի մայրաքաղաք հռչակումը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան նորոգութեան վերաբերող հարցեր:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ կարգ մը առեւտրականներու կողմէ ստեղծուած ցորենի տագնապը կրնայ շինծու ըլլալ` արձանագրուելիք արագ եւ շատ շահումներու պատրուակով:

ՓՈՒՌԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Նասեր Սրուր առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամէն խնդրեց մէկ կապ արաբական հացին սակը ճշդել` շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին գումարած նիստէն ետք, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենց կեցուածքը յստակ է, եւ իրենք համոզուած են, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները իրենց իրաւունքները պէտք է ստանան: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ ելեւմտական կանոնաւոր դրութիւնը վերստին հաւասարակշռելու օրինագիծը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն այցելութիւնը ունէր շնորհաւորական բնոյթ: Ապսի ընդգծեց ապահովական կառոյցներուն զօրակցելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան պաշտպանել պետութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ժամանակն ու պայմանները բնաւ արգելք չեն` խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի մը հրաւիրելու, երբ այդ օրակարգին շուրջ համախոհութիւնն ու համաձայնութիւնը կայանան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ մարտահրաւէր կարդալով եւ ընդվզումներ պատճառելով կարելի չէ որեւէ տեղ հասնիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ ընդգծեց, որ առանց երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու կարելի չէ տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն վերաբերող լուծումներու յանգիլ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել պլոքի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի երկու մարտահրաւէրներու դիմաց: Անոնք են` տնտեսական շրջափակումն ու ամերիկեան պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան երկփեղկումը: Հաժ Հասան շեշտեց, որ այդ հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել երկխօսութեամբ, միասնականութեամբ եւ շրջափակումը խզելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ խորհրդարանէն արձակեց զգուշացման յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ կարելի չէ առանց ամբողջական փոփոխութեան լուծման մը յանգիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս կոչ ուղղեց նստացոյց յայտարարած երեսփոխաններուն համաձայնութիւն գոյացնելու նախագահական թեկնածուի մը շուրջ, որ ցարդ երեսփոխան Միշել Մուաուատի ի նպաստ չքուէարկած նուազագոյնը 20 երեսփոխաններու զօրակցութիւնը կը վայելէ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկան խստիւ դատապարտեց Շուէտի մէջ Քորանը հրկիզելու արարքը` հաստատելով, որ անիկա կասկածելի արարք է, որ կը միտի քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնը հարուածել:

 

 

Նախորդը

«Յառաջիկայ 2-3 Շաբաթը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ Ուքրանիոյ Տագնապին Համար» Կ՛ըսէ Միշել

Յաջորդը

Ռիաշի Այցելեց Պքերքէ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.