Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շելուհիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:
Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է դրական եւ հեզասահ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Հըզպալլան նոյն ուղղութեան վրայ են եւ ոչ թէ իրարու դէմ բախումի մէջ:
Խալիլ հանդիպումը նկատեց չափազանց անկեղծ եւ յստակ` հանրապետութեան նախագահութեան եւ կառավարութեան հարցով:
«Համաձայն գտնուեցանք, որ հանդիպումները շարունակուին, եւ այս հանդիպումը վերջինը պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ դատական իշխանութիւններուն առումով Հըզպալլա ունի իր կարծիքը` աւելցնելով, որ դատական հագուստը, որ սպիտակ պէտք է ըլլայ, սեւ կէտերով լեցուն է, եւ անոնցմէ կը նկատուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը:
Խալիլ հաստատեց, որ Մար Մըխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը տակաւին ի զօրու է` շեշտելով, որ այս մասին Պասիլի կողմէ որեւէ դժգոհութիւն չեն շօշափած:
«Մենք կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մնայուն քաղաքական քննարկում կայ: Մենք մէկ կուսակցութիւն չենք, այլ` երկու կուսակցութիւններ, որոնք ունին իրենց մտայնութիւնները, սակայն կ՛աշխատին միացեալ տարածքներու վրայ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ուաֆիք Սաֆա ըսաւ. «Փոխըմբռնումի համաձայնագիրին պատճառով անհանգիստ եղող կողմերը այս գիշեր ուրախ պիտի չըլլան»:
Պիթար Կը Վերսկսի Իր Հետաքննութեան
Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար 13 ամիս ետք երէկ վերադարձաւ իր գրասենեակը, վերսկսաւ իր հետաքննութեան աշխատանքին եւ որոշեց պայթումի թղթածրարին հարցով 8 հոգի ամբաստանել, ինչպէս նաեւ 5 հոգի ազատ արձակել:
Պիթարի որոշած ազատ արձակուելիք հինգ անձերն են` Շաֆիք Մերհի, Սամի Հիւսէյն, Սելիմ Շըպլի, Միշել Նահհուլ եւ սուրիացի բանուոր Ահմետ Ռաժապ, մինչդեռ ան մերժած է 12 ուրիշներու ազատ արձակումը:
Պիթար շեշտեց, որ հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորին անձը ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ իր ստանձնած դատին կամ թղթածրարին, եւ եթէ ան պաշտօնանկ ըլլայ, ապա դատը կ՛աւարտի:
Պիթար շեշտեց, որ հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորը կրնայ ոեւէ մէկը ամբաստանել, եւ այդ ծիրին մէջ ան ամբաստանեց ապահովական կառոյցի պետեր, դատաւորներ ու բանակայիններ:
Աւելի ուշ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Ընդհանուր դատախազութիւնը Պիթարի որոշումին դէմ պիտի վարուի գոյութիւն չունեցող որոշումի մը նման, այսինքն` ո՛չ ամբաստանութիւնները նկատի պիտի ունենայ, ո՛չ ալ ազատ արձակելու որոշումը:
Պիթար նկատել տուաւ, որ իր որոշումները մերժելու քայլը ինք պիտի նկատէ օրէնքի դէմ ըմբոստութիւն:
Նշենք, որ Պիթարի ամբաստանած անձնաւորութիւններէն է նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ յայտնեց, թէ Պիթարի ամբաստանութիւնը արժանի չէ պատասխանի` աւելցնելով, որ ինք դատական իշխանութեան ներկայանալու մասին պիտի չխօսի, մինչեւ դատավարութեան կանչուիլը:


