Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 62.300 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութեան որոշումով այսուհետեւ վառելանիւթի սակացոյցը օրական երկու անգամ պիտի հրապարակուի. առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 48.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 50.000 լ. ոսկիով, մազութը` 50.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 31.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.087.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.114.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.139.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 695.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը արաբական հացին համար ճշդեց նոր սակացոյց, որուն համաձայն 1 փոքր կապ արաբական հացին սակն է 14.000 լ. ոսկի, միջակ կապը` 24.000 լ. ոսկի եւ մեծ կապը` 29.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, հինգշաբթի, 9 փետրուարին եւ երեքշաբթի, 14 փետրուարին, Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան Մար Մարունի տօնին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութեան 18-ամեակին առիթով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պատրաստուելու իսկական եւ գիտակից ըմբոստութեան մը` ընդդէմ երկրին կառոյցները քանդող դասին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրավիճակն ու երկրին առողջապահական եւ բժշկական մարզերը յուզող հարցերը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը օրինազանցութիւններ կը կատարէ` աւելցնելով, որ եթէ ան իր այս ընթացքով շարունակէ, ապա ինք կառավարութենէն պիտի պահանջէ պաշտօնազրկել զայն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի հետ աշխատանիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը մեծ թիւով մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է եւ կրցած է տոկալ, «սակայն այս տագնապը ամէնէն վտանգաւորն է», ըսաւ ան: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ ամերիկեան Քոնկրեսը համաձայնութիւն յայտնած է Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին կատարելիք նիւթական իր օժանդակութիւնը շարունակելու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Միրնա Շալուհիի մէջ ընդունեց Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քարամէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ընդարձակ երկխօսութիւն պահանջեց` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ պէտք է համախոհութիւն գոյացուի, որպէսզի երկրին փրկութեան դռները բացուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն երեսփոխան Միշել Մուաուատն է` աւելցնելով, որ Մուաուատը չըլլալու պարագային պէտք է ուղղուիլ համախոհութեան: Ան անդրադարձաւ դատական իշխանութեան պարզած իրավիճակին` զգուշացնելով, որ դատական իշխանութեան փլուզումը լիբանանեան պետութեան ամբողջական փլուզման կ՛առաջնորդէ, որովհետեւ անիկա է միակ հիմնասիւնը, որ տակաւին ոտքի կը պահէ պետութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի` ներկայութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնը: Ժեմայէլ նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ լիբանանցիներուն` վերատիրանալու իրենց հաստատութիւններուն: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ դատական իշխանութիւնը պահպանէ իր անկախ գործունէութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ մէջ սպաննուեցաւ լումայափոխ մը. անոր սպանութեան դրդապատճառները կը մնան անորոշ:

 

 

 

Նախորդը

Հրասայլերու Մատակարարման Խոստումը Ապահովելէ Ետք. Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?