Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան յանգելու նպատակով, «որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնն է, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ պետական հաստատութիւնները վերակառուցելու սկիզբը», ըսաւ ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութեան հարցի լուծման բանալին համախոհութիւնն է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը պէտք է ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կատարուի:
Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ համախոհութիւնը երկրին բոլոր հարցերուն լուծման բանալին է` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ կարելի է յանգիլ այնպիսի լուծումներու, որոնք կրնան կասեցնել տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները, որոնք լիբանանցիներուն միջեւ խտրութիւն չեն դներ եւ բոլորը առաջնորդած են դէպի անդունդ:
Պըրրի նշեց, որ երկիրը հսկայ վտանգներու դիմաց կը գտնուի, եւ օրըստօրէ կացութիւնը իր վատ վիճակէն կ՛ուղղուի դէպի վատագոյնը: «Հետեւաբար անկարելի է ընդունիլ, որ կացութիւնը շարունակուի այս ձեւով, այսինքն` փլուզումի ենթակայ վիճակով: Հանրապետութեան նախագահութիւնը կրնայ քանի մը շաբաթ եւս յետաձգուիլ, սակայն երկիրը այլեւս չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ ան:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ տագնապներուն լուծման առումով ինք բազմիցս հրաւիրած է երկխօսութեան, սակայն այդ երկխօսութիւնը մերժուած է: «Մենք տակաւին կը սպասենք երկխօսութիւնը մերժող կողմերուն երկխօսութեան, եւ կը հաստատեմ, որ անոնց տարակարծութիւնը իր հետեւանքը կ՛ունենայ ամբողջ երկրին վրայ», շեշտեց ան:
Պըրրի նշեց, որ ինք խորհրդարանը հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան 11 նիստերու` աւելցնելով, որ անոնք եղած են ապարդիւն: «Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական բաց նիստերու պահանջը` անկախ այն իրականութենէն, որ ոչինչ պիտի կարենայ լուծել, կը նշանակէ խորհրդարանը վերջնականապէս անդամալուծել. բան մը, որ արգիլուած է եւ անընդունելի», ընդգծեց խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ նման որոշումի մը պարագային խորհրդարանը կը վերածուի ընտրական խորհուրդի եւ չի կրնար օրէնսդրական իր աշխատանքները կատարել:
«Այս իմաստով սահմանադրական բացատրութիւնը յստակ է, հետեւաբար նման քայլ միայն խորհրդարանը չէ որ կ՛անդամալուծէ, այլ նաեւ ամբողջ երկիրը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կան որոշ հարցեր, որոնց արագ վաւերացումը` խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, կարեւոր է: Այդ օրինագիծերէն են «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը, որուն վաւերացման նպատակով խորհրդարանը լիագումար նիստի մը պիտի հրաւիրեմ», ըսաւ ան:
Խորհրդարանը լուծելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի շեշտեց, որ այդ մէկը պարզապէս խօսակցութիւն է:


