Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յունուար 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան կը գտնուի ամբողջական քաոսի դիմաց` նկատի ունենալով երկրին տարբեր ոլորտներուն տագնապալի իրավիճակը, լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու քաղաքացիի ապրուստին սպառնացող վտանգները:

Քաղաքական, ելեւմտական, տնտեսական ու ընկերային մարզերուն դիմագրաւած տագնապներուն վրայ աւելցաւ նաեւ դատական իշխանութիւններուն պարզած ներկայ իրավիճակը:

Այս բոլորը ի յայտ եկան, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար մէկ տարի եւ մէկ ամիս լռութենէ ետք ուղղուեցաւ իր գրասենեակը` յայտարարելով, որ ինք պիտի վերստանձնէ իր աշխատանքը, որուն իսկոյն ձեռնարկեց հրապարակելով կոչնագիրներ` սկսելով Ընդհանուր դատախազէն, հասնելով` ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ դատաւորներուն:

Պիթարի առած այդ քայլով ելեկտրականացած մթնոլորտը նախորդ 48 ժամերուն աւելի եւս բարդացաւ, երբ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ որոշեց ազատ արձակել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ ձերբակալուած բոլոր արգելափակեալները` պայմանով որ անոնք չմեկնին Լիբանանէն:

Բայց եւ այնպէս Պէյրութի նաւահանգիստի ապահովութեան եւ անվտանգութեան պետ Մոհամետ Զիատ Աուֆ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

Օուէյտաթ Պիթարը ամբաստանեց Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր խորհուրդին դիմաց եւ  դատավարութեան կանչեց զայն, ինչպէս նաեւ արգիլեց անոր մեկնումը Լիբանանէն:

Պիթարին դէմ արձակուած ամբաստանագիրէն օրինակ մը յանձնուեցաւ Դատական իշխանութեան քննչական խորհուրդի նախագահին, Օուէյտաթի կողմէ:

Օուէյտաթ նշեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի օրակարգը ընդգրկէ Պիթարը պաշտօնազրկելու յատուկ կէտ մը` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը նախատեսէ, որ Պիթար յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ սխալներ եւ օրինազանցութիւններ կատարէ:

Պիթար յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնը իբրեւ հետաքննիչ դատաւոր` աւելցնելով, որ Օուէյտաթ ոչ մէկ որոշում կրնայ տալ դատական այս թղթածրարին գծով:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք պիտի շարունակէ հետաքննութիւնը եւ կոչնագիրով հրաւիրուած ամբաստանեալները պիտի հարցաքննէ ճշդուած թուականներուն` շեշտելով, որ Օուէյտաթ ապօրինի քայլի մը դիմած է այս իմաստով:

Պիթար նկատել տուաւ նաեւ, որ եթէ ապահովութեան ուժերը գործադրեն Ընդհանուր դատախազին որոշումը եւ ազատ արձակեն արգելափակեալները, ապա անոնք օրէնքը շրջանցած պիտի ըլլան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց երկու հրամանագիրներ, որոնց հիման վրայ ազատ արձակուած Ա. կարգի պաշտօնեաներէն պահանջեց իրենք զիրենք զետեղել վարչապետին տրամադրութեան տակ, իսկ Ա. կարգ չեղող պաշտօնեաներէն պահանջեց իրենք զիրենք զետեղել համապատասխան նախարարներուն տրամադրութեան տակ:

Միւս կողմէ, նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն անունով խօսք արտասանեց Ուիլիըմ Նուն, որ հաստատեց, թէ Օուէյտաթ արդարադատական իր ասպարէզը քանդած է այս որոշումով:

Ան շեշտեց, որ 4 օգոստոսի պայթումին հարցը վերածուած է իրարու հետ հաշիւներ մաքրելու թղթածրարի, եւ այդ մէկը ցաւալի է:

Նուն նշեց, որ իրենք հինգշաբթի օրուան Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Արդարութեան պալատին դիմաց պիտի կանգնին` սպասելով որոշումի մը:

Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն միանալու իրենց նստացոյցին, որպէսզի կարենան դիմադրել օրէնքին դէմ գործուած յեղաշրջումին:

Այս առիթով արձանագրուեցան լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու մեկնաբանութիւններ:

Այդ շրջագիծին մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է պատրաստ ըլլան դէմ դնելու անարդարութեան` զարմանք յայտնելով, որ Հըզպալլա սկսած է դատական օրակարգով դասեր տալ:

Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Պիթար Այն Ռըմմանէի նոր փոխադրատար մըն է` շեշտելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ երկիրը քանդուի:

Չորեքշաբթի օրուան վերոնշեալ իրադարձութիւններէն ետք, հինգշաբթի կէսօրուան ժամը 12:00-ին նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հարազատները ուղղուեցան Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստը պիտի գումարէր, եւ փորձեցին ճամբաները երկու ուղղութեամբ փակել:

Անոնց ընկերակցեցան նաեւ կարգ մը երեսփոխաններ` Փոփոխութեան երեսփոխաններէն:

Գրեթէ կէս ժամ ետք երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մասիհ յայտնեց, որ ինք եւ երեսփոխաններ Ուատտահ Սատեք եւ Ղասսան Հասպանի խոշտանգումի ենթարկուած են արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի թիկնապահներուն կողմէ` պահանջելով Խուրիի հրաժարականը:

Այս դէպքէն վայրկեաններ ետք նստացոյցը կազմակերպողները փորձեցին ներխուժել Արդարութեան պալատ եւ ապահովութեան ուժերուն հետ իրենց ունեցած բախումներէն ետք կրցան քանդել Արդարութեան պալատի մուտքի երկաթեայ դարպասը:

Ապահովութեան ուժերը փորձեցին ցրուել ցուցարարները` օգտագործելով արցունքաբեր կազեր:

Ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն պատճառով ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին իրաւաբան Ուասեֆ Հարաքէն, որ քիչ անց ազատ արձակուեցաւ:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի եւ այլ երեսփոխաններ հանդիպում մը ունեցան Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հասպանի յայտնեց, որ Ապպուտի հետ հանդիպումը լաւ ընթացած է` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւնը պիտի գործէ իր ամբողջական անկախութեամբ:

Ան շեշտեց, որ բոլորը պէտք է պաշտպանեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը դատաւոր Պիթարի իրաւասութեան մէջ պահելու հանգամանքը:

Իր կարգին, երեսփոխան Մարք Տաու արտասանեց խօսք մը եւ Իրաւաբաններու սենտիքայէն յստակ կեցուածք մը պահանջեց պաշտպանելու Պիթարի դերակատարութիւնը:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի ցաւ յայտնեց կարգ մը երեսփոխաններու հետ իր հանդիպումին ընթացքին տիրած մթնոլորտին համար` աւելցնելով, որ կարեւոր է լիբանանեան հանրային կարծիքը տեղեակ պահել, թէ հանդիպումին ընթացքին երեսփոխանները դժբախտաբար կորսնցուցած էին քաղաքավարութեամբ հաղորդակցելու եւ զրուցելու իրենց կարողութիւնը, յատկապէս Ուատտահ Սատեքը, որ վարկաբեկիչ խօսքեր արտասանեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատարի հասցէին:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը ջնջեց իր նիստը, որովհետեւ խորհուրդին անդամ 6 դատաւորներ մերժեցին ժողովրդային ճնշումին ներքեւ նիստ գումարել:

Նշենք, որ Օուէյտաթ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն դատաւոր Պիթարէն ոչ մէկ փաստաթուղթ պէտք է ստանձնել` նկատի ունենալով, որ ան որեւէ կապ չունի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան հետ:

Օուէյտաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ եթէ Պիթարի գործունէութիւնը դոյզն ինչ կը համապատասխանէ դատական իշխանութեան օրէնքին, ինք պատրաստ է յետս կոչելու իր որոշումը:

Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պիտի վերսկսի մեծ սխալը սրբագրելէ ետք:

Իսկ Պիթար իր կարգին հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Օուէյտաթի կողմէ դատավարութեան ենթարկուիլ` ընդգծելով, որ ինք իր աշխատանքը պիտի շարունակէ իբրեւ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկուան դէպքերուն մասին վարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ դատական իշխանութիւններուն մօտ յառաջացած երկփեղկումը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ կառավարութիւնը նիստերու հրաւիրել` շտապ հարցերու լուծում ապահովելու նպատակով:

Նախորդը

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In