Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էլ. Պի. Սի. Այ.» Պատկերասփիւռի Կայանը Ձեռնառումբի Թիրախ Կը Դառնայ

January 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ գիշեր ժամը 9:10-ին, անծանօթներ ձեռնառումբի մը թիրախ դարձուցին «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանը:

Ձեռնառումբին պայթումը պատճառեց նիւթական վնասներ:

«Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանի սթիւտիոներուն ետին գտնուող կառատան մէջ նետուած ձեռնառումբի պայթումէն ետք լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան, ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին ոստիկանները ուղղուեցան Ատմա, եւ այս դէպքին շուրջ բացուեցաւ հետաքննութիւն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահերի հետ` դատապարտելով պատկերասփիւռի կայանին վրայ գործուած յարձակումը:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ պտղատու ծառը միշտ ալ ցնցողներ կ՛ըլլան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Տահերի հետ` ստուգելու համար «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի եւ հոն աշխատող անձնակազմին վիճակը:

Միքաթի շեշտեց, որ ապահովական հետաքննութեան ընթացքին ճիգ պիտի չխնայուի` բացայայտելու համար այս դէպքին ծալքերը:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի իր կարգին դատապարտեց գործուած արարքը եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն բացայայտելու յանցագործները եւ բանտարկելու զանոնք, ինչպէս նաեւ բացայայտելու խօսքի եւ տեղեկատուութեան ազատութեան դէմ սպառնալիք հանդիսացող այս արարքներուն ծալքերը:

Քսսայֆի խմբագիրներու սենտիքային անունով զօրակցութիւն յայտնեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի եւ անոր անձնակազմին:

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն դատապարտեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի դէմ գործուած արարքը` հաստատելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն տեղեկատուութեան մարզի ազատութիւնը թիրախ դարձնող որեւէ արարք:

Երեսփոխան Հասան Մըրատ զօրակցութիւն յայտնեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ին` դատապարտելով այն սեւ ձեռքերը, որոնք կը ջանան լիբանանցիներուն միջեւ սադրանք նախապատրաստել:

Մըրատ շեշտեց, որ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» միշտ եղած է ազատութիւններն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանող կայանը:

Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն բացայայտելու այդ արարքը գործող պատասխանատուները` արգիլելու համար պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու փորձերը:

Երեսփոխաններ Մարք Տաու եւ Աշրաֆ Ռիֆի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իրենց կարգին դատապարտեցին «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի դէմ գործուած այս արարքը` զայն նկատելով տեղեկատուութեան ազատութեան դէմ գործուած ահաբեկչութիւն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը զօրակցութիւն յայտնեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ին` հաստատելով, որ տեղեկատուութեան մարզին դէմ որեւէ քանդիչ արարք մերժելի է:

Նախորդը

Պըրրի Նեղացած Չէ Խորհրդարանին Մէջ Ընթացող Նստացոյցէն

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութիւնը Դրական Պիտի Ըլլայ Լիբանանի Համար» Շեշտեց Վրոնեցքա

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.