Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթիի Նախագահած Նիստին Ընթացքին Կ՛որոշուի Ելեկտրականութեան Ընկերութեան 42 Միլիոն Տոլար Տրամադրել

January 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ որոշուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան 42 միլիոն տոլար տրամադրել, որպէսզի կարենայ Լիբանան հասած նաւթը պարպել:

Նշենք, որ Միքաթի երէկ առաւօտեան նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներուն պահանջները:

Նիստին ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի, կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Իմատ Աշքար, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդական Նիքոլա Նահհաս:

Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ քննարկած են պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն պահանջները, որոնց ընդառաջելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ անոնց յայտարարած գործադուլին եւ փրկել կրթական տարեշրջանը:

Հալապի նշեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած կէտերը պիտի ներկայացուին կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին:

Միքաթի նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկի մշակումը:

Միքաթի ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը: Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի անդամակցութեան համար կատարուելիք Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնները:

Միւս կողմէ, Միքաթիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միքաթի կը զարմանայ կառավարութեան առաջին նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինիս ունեցած «Խաչակնքող իւրաքանչիւր անձ քրիստոնեայ չէ» արտայայտութեան:

«Պասիլ այս արտայայտութիւնը ունեցաւ, սակայն ան մնայուն կերպով կեցուածքներ կ՛ունենայ կառավարութեան նիստերուն հակասահմանադրական ըլլալուն մասին, հակառակ անոր որ կառավարութեան մաս կազմող 12 նախարարներէն 7-ն ներկայ կը գտնուին նիստերուն: Հետեւաբար Պասիլ կ՛արդարացնէ քրիստոնեաներուն միջեւ խտրութիւն դնելու իր կեցուածքը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Այս հաղորդագրութեան իբրեւ պատասխան Պասիլի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կտրականապէս կը հերքէ քրիստոնեայ նախարարներուն եւ խաչին մասին իրեն վերագրուող Միքաթիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը: «Պասիլ ոչ մէկ անգամ «Խաչակնքող իւրաքանչիւր անձ քրիստոնեայ չէ» արտայայտութիւնը ունեցած կրնայ ըլլալ: Կը ցաւիմ համայնքային կիրքեր հրահրելու այս մօտեցումին համար, ինչպէս նաեւ կը ցաւիմ նաեւ այն ելոյթներուն համար, որոնք կը կատարուին` ամբոխահաճութեան, ինչպէս նաեւ անձը հզօրացնելու նպատակով սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը խախտելու մարմաջով», կը նշէ Ժըպրան Պասիլ` իր տեղեկատու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան ընդմէջէն:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Հարցին Լուծման Բանալին Համախոհութիւնն Է»

Յաջորդը

Պիթար Վերսկսած Է Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելու Իր Աշխատանքին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.