Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

January 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրի պարագային իրենց դերակատարութիւնը հիմնական է` աւելցնելով, որ իր սահմանադրական իրաւունքն է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Ֆրենժիէ նշեց, որ քրիստոնէութիւնը իրենց համար ուրիշին նկատմամբ բացուիլ է, ներողամտութիւն է եւ երկխօսութիւն:

«Կը ջանամ եւ կը փափաքիմ ներկայանալ նախագահական ընտրութեան իբրեւ համախոհական թեկնածու: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ թեկնածութիւնս տակաւին չեմ առաջադրած, որպէսզի զայն յետս կոչեմ, եւ երբ որ շօշափեմ, թէ կան բաւարար քուէներ, որոնք կրնան զիս լուրջ թեկնածու դարձնել, ապա պիտի առաջադրեմ թեկնածութիւնս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք չի մերժեր, որ ոեւէ նախագահական թեկնածուի շուրջ համախոհութիւն գոյացուի:

Ֆրենժիէ ըսաւ, որ իրենք թեր պիտի չքուէարկեն երեսփոխան Միշել Մուաուատին, սակայն եթէ ան հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա պիտի գործակցին անոր հետ:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ իր թեկնածութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մերժումին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պասիլ իր պատճառները ունի, որովհետեւ այդ իրականութիւնը շատ աւելի է, քան հանդուրժելու իր կարողութիւնը:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ինք բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան դէմ չէ` հարց տալով անոր քաղաքական ծրագիրին մասին:

«Ես չեմ փափաքիր մարտահրաւէրի նախագահ ըլլալ, իսկ մեծամասնութիւնը կարիք ունի 65 քուէի, հետեւաբար կը հաստատենք, թէ ես, ուրիշը կամ ոեւէ մէկը չեն կրնար հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր հաստատեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարելի չէ լուծման մը յանգիլ, եւ դարձեալ երկխօսութեան եւ համախոհութեան կոչ ուղղեց:

Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած երկարատեւ հանդիպումէն ետք Պասիլ նշեց, որ հանդիպումը եղած է դրական եւ արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ կիրակի կէսօրին մանրամասն եւ ընդարձակ կերպով պիտի յայտարարէ Ազգային ազատ հոսանքի  կեցուածքները:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

Յաջորդը

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.