Լիբանանեան

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը  Խօսքով Կը Մնայ Առաջնահերթութիւն

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Խօսքով Կը Մնայ Առաջնահերթութիւն

Թէեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաստատեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ թղթածրար` լուծելու համար երկրին նախ քաղաքական, ապա տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, սակայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար ոչ ոք կը գործէ: Հետեւաբար այդ ընտրութիւնը միայն խօսքով կը մնայ առաջնահերթ: Այս ծիրին մէջ փոփոխութեան երեսփոխաններ կը շարունակեն խորհրդարանին մէջ իրենց նստացոյցը` հաստատելով այդ մէկը կատարելու իրենց սահմանադրական իրաւունքը: Ժողովրդահաճոյ...

Շուէտի Մէջ Քորանի Հրկիզումը Լիբանանի Մէջ  Դատապարտումի Ալիք Մը Կը Բարձրացնէ

Շուէտի Մէջ Քորանի Հրկիզումը Լիբանանի Մէջ Դատապարտումի Ալիք Մը Կը Բարձրացնէ

Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ այդ արարքին դէմ դատապարտումի հսկայ ալիք մը բարձրանայ: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Քորանի հրկիզումը` հաստատելով, որ այդ արարքը ատելութենէ կը բխի եւ աշխարհի բոլոր իսլամներուն համար ընդվզեցուցիչ քայլ մըն է: Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ այդ քայլը իսլամականութեան դէմ գործուած յարձակում է եւ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու խնդրոյ առարկայ...

Մաուլաուի. «Այսօր Պիտի Ներկայացնենք  Բանտարկութեան Տարին Կրճատելու Օրինագիծ Մը»

Մաուլաուի. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուին` հաստատելով, որ երկրին ապահովական կառոյցները իրենց պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն: Մաուլաուի կոչ ուղղեց կառավարութեան գումարած նիստերը հեռու պահելու քաղաքական մրցակցութենէ եւ համայնքային բախումներէ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ իսլամները շատ աւելի նախանձախնդիր են քրիստոնեայ գոյութեան եւ անոնց...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Իր Դէմ Հրապարակուած Տեղեկագիրներու

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը պատասխանէ իր դէմ հրապարակուած տեղեկագիրներու, որոնց համաձայն, նախարարութիւնը պատասխանատու կը նկատուի ՄԱԿ-ի մէջ իր նիւթական պարտաւորութիւնները չկատարելուն եւ քուէարկութեան իրաւունքէ զրկումին: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախարարութիւնը ամիսներէ ի վեր կը հետապնդէ միջազգային եւ շրջանային կարգ մը կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի իր անդամակցութեան առումով...

Լիբանանեան Ուժեր. «Հըզպալլա  Անդամալուծած Է Պետութիւնը Եւ Քանդած  Երկխօսութեան Բոլոր Կարելիութիւնները»

Լիբանանեան Ուժեր. «Հըզպալլա Անդամալուծած Է Պետութիւնը Եւ Քանդած Երկխօսութեան Բոլոր Կարելիութիւնները»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կուսակցութեան համար զարմանալի է, որ լիբանանեան պետութիւնը անդամալուծած եւ երկխօսութեան բոլոր կարելիութիւնները քանդած Հըզպալլան զինք անուանէ յեղաշրջում յառաջացնել փորձող քաղաքական ուժ մը` յանձին շէյխ Նեպիլ Քաուքի բառերով ըսուած: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Հըզպալլան է, որ ամէնէն աւելի քանդած է երկրին պետութիւնն ու կառուցուածքը եւ թուլցուցած անոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 50.900 լ. ոսկի է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին դէմ չէ` աւելցնելով սակայն, որ այդ վերադարձը պիտի չիրականանայ, բացի երբ յարմար պայմաններ կարելի ըլլայ ապահովել: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, անդրադառնալով ելեւմտական հարցերու, յատկապէս փտածութեան եւ դրամի լուացումի շուրջ եւրոպական դատական պատուիրակութեան կատարած հետաքննութիւններու առաջին փուլին,...

Տնտեսական Ու Ապրուստի Կենցաղային  Աննպաստ Պայմաններու Լոյսին Տակ.  Զգուշացումներ Ժողովրդային  Անխուսափելի Պոռթկումէ` Լիբանանի Մէջ

Տնտեսական Ու Ապրուստի Կենցաղային Աննպաստ Պայմաններու Լոյսին Տակ. Զգուշացումներ Ժողովրդային Անխուսափելի Պոռթկումէ` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի պատմութեան մէջ նախընթաց մը կազմելով, ամերիկեան տոլարին գինը երէկ` ուրբաթ, 20 յունուար 2023-ին շրջանցեց յիսուն հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանը, իրարանցումի մատնելով միաժամանակ լումայափոխները, վաճառականներն ու իրենց օրապահիկով մտահոգ քաղաքացիները: Դէտեր ու մեկնաբաններ զգուշացուցին ժողովրդային անխուսափելի պոռթկումի վտանգէն Լիբանանի մէջ, աննպաստ պայմաններու շարունակման պարագային: Ու իրապէս քաղաքացիները չդիմանալով ստեղծուած կացութեան եւ անոր հետեւանքներու ծանրութեան սպառնալիքի մտավախութեան` փութացին «փողոց խուժել» իրենց...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Լուսաբանէ. Լիբանան ՄԱԿ-ի Մօտ Իր Ցենզը Պիտի Հատուցէ Յարմար Պահուն

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի գրասենեակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ նախարարութիւնը պատշաճ դասաւորումները կատարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ու ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ եւ Լիբանան շուտով յարմար պահուն պիտի հատուցէ ՄԱԿ-ի մօտ իրեն վիճակուած ցենզը եւ պահպանէ իր իրաւունքները: Լուսաբանական այս յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ այն տեղեկութիւններէն ետք, երբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ԱնթոնիօԿութիերես  յայտարարեց, թէ...

Ֆրանսական Դեսպանատան Նպաստով.  Նախարար Ֆիրաս Ապիատ Կը Մեկնարկէ Քորոնայի Դէմ Պայքարելու Կոչուած Նորագոյն` «Պիովալան» Պատուաստը

Ֆրանսական Դեսպանատան Նպաստով. Նախարար Ֆիրաս Ապիատ Կը Մեկնարկէ Քորոնայի Դէմ Պայքարելու Կոչուած Նորագոյն` «Պիովալան» Պատուաստը

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ` ուրբաթ, 20 յունուարին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ կը մեկնարկէ Քորոնա համավարակին դէմ պայքարելու նորագոյն պատուաստի «Պիովալան» կոչուող տարբերակը: Ապիատ յայտնեց, թէ այս գծով մեծապէս օգտակար եղած է Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը, որ աւելի քան 300 հազար պատուաստ անվճար տրամադրած է Լիբանանին: Ապիատ այս մեկնարկը կատարեց Ռում հիւանդանոցէն, որ կարեւոր դերակատարութիւն...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնակատարին

Բագրատունի Պահանջեց Պաշտօնական Պէյրութի Կեցուածքը` Բերձորի Միջանցքի Հարցով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: Բագրատունի Պու Հապիպին ներկայացուց Բերձորի միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը եւ կրկնեց նախապէս ներկայացուցած պահանջը, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով անհրաժեշտ կեցուածքը որդեգրէ: Նախարար Պու...

Խորհրդարանի ԺԱ. Նիստը Դարձեալ Ձախողեցաւ  Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Խորհրդարանի ԺԱ. Նիստը Դարձեալ Ձախողեցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Նախագահական ընտրութեան նոյն տհաճ թատրոնը 11-րդ անգամ ըլլալով դիտելու պատրաստ քաղաքացին, երբ երէկ կը պատրաստուէր հետեւիլ այդ թատրերգութեան նորութիւններուն, վկայեց այլ իրականութեան մը, որ Լիբանանի սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հասաւ 50.000 լ. ոսկիի: Վայրկեաններ ետք` ժամը 11:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նախագահական ընտրութեան ԺԱ. նիստին, որ դարձեալ ձախողեցաւ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Խորհրդարան ներկայացած եւ ընտրութեան նիստին...

Միքաթի Նախագահեց Պետական  Դպրոցներու  Ուսուցիչներու Պահանջներուն  Վերաբերող Ժողովի Մը

Միքաթի Նախագահեց Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Պահանջներուն Վերաբերող Ժողովի Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Իմատ Աշքար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կրթական մարզը ֆինանսաւորող պետութիւններու դեսպանները, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարաֆ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն ձեւերն ու միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրել` փրկելու համար պետական դպրոցներուն կրթական տարեշրջանը: Միքաթի...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Փափաքինք Ունենալ  Քաջ Նախագահ Մը, Որ Սպառնալիքի Չ՛ենթարկուիր»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Փափաքինք Ունենալ Քաջ Նախագահ Մը, Որ Սպառնալիքի Չ՛ենթարկուիր»

Հըզպալլայի յատուկ հետազօտութիւններու եւ արխիւային աշխատանքի խորհրդակցական կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Հըզպալլա կը հաւատայ, որ նուաճումները կ՛արձանագրուին հաւաքական ճիգերով: Այս շրջագիծին մէջ ան բարձր գնահատեց կեդրոնին մէջ երեք տասնամեակ շարունակ պատասխանատուութիւն ստանձնած բոլոր անհատները` հաստատելով, որ Հըզպալլա իր գործունէութեան առաջին իսկ օրէն գիտական եւ...

Բանակին Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ  Պատրաստ Վիճակ` Մթըլլէի Մօտակայքը

Բանակին Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Պատրաստ Վիճակ` Մթըլլէի Մօտակայքը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ պատրաստ վիճակ կը տիրէ Մթըլլէի մօտակայքը` նկատի ունենալով, որ Մթըլլէի բնակեցման վայրի մօտակայքը իսրայէլեան քարշակ մը աշխատանքներ կատարելու ընթացքին խախտած է սահմանային Կապոյտ գիծը, որուն լոյսին տակ լիբանանեան բանակը կասեցուցած է քարշակին աշխատանքը: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ բանակը 18 յունուար 2023-ին երկու փորձով կասեցուցած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 50.300 լ. ոսկի է: Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 26.000 լ. ոսկիով, մազութը` 27000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 17.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 862.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 884.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը`...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  62 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Մը  Փոխանցելու Ելեկտրականութեան Մարզին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 62 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Մը Փոխանցելու Ելեկտրականութեան Մարզին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին: Հակառակ նիստին հակասահմանադրական ըլլալու իրողութեան, կառավարութիւնը յատկացումներ կատարեց ելեկտրականութեան մարզին: Նիստէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ կառավարութեան նիստերը այս կամ այն քաղաքական ուժին հետ հակադրուելու նպատակով չեն կատարուիր, ինչպէս նաեւ չեն միտիր լիբանանեան քաղաքական կեանքը երկփեղկումի ենթարկել:...

Այն Թինէի Մէջ.   Պըրրի Ընդունեց Լիբանանցի Գրողներու  Համադաշնակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Ընդունեց Լիբանանցի Գրողներու Համադաշնակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանցի գրողներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Էլիաս Զղէյպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ համադաշնակցութեան կարիքներն ու պահանջները: Հանդիպումէն ետք Զղէյպ յայտնեց, որ Պըրրիին յանձնած են առաջարկ մը, որուն մասին խորհրդարանի նախագահը հասկացողութիւն ցուցաբերած է եւ խոստացած գրողներուն վերաբերող պայմանները բարելաւել: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  19 Դեսպաններու Ներկայութեան Շարունակեց  Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը 19 Դեսպաններու Ներկայութեան Շարունակեց Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրները եւ տեղահանուածներու թղթածրարով շահագրգռուած երկիրները ներկայացնող 19 դեսպաններու, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ այս հանդիպումին նպատակն էր դեսպաններուն հետ կիսել այն տեղեկութիւնները, որոնք կարելի եղաւ ապահովել տեղահանուածներու...

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Պու Հապիպի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Պու Հապիպի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպին ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը փակելու եւ Արցախը շրջափակելու պատճառով Արցախի մէջ մարդկային առումով հետզհետէ վատթարացող իրավիճակը: Այս առումով Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային օրէնքին, յատկապէս քաղաքայիներուն տրամադրուելիք տարրական կարիքները անշահախնդիր...

«Ինծի Համար Աւելի Դիւրին Է Թեկնածութիւնս  Յետս Կոչել Խուսափելու Համար Մէկզմէկու  Փշրելու Քաղաքական Մարտերէն»  Շեշտեց Միշել Մուաուատ

«Ինծի Համար Աւելի Դիւրին Է Թեկնածութիւնս Յետս Կոչել Խուսափելու Համար Մէկզմէկու Փշրելու Քաղաքական Մարտերէն» Շեշտեց Միշել Մուաուատ

Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի նիստէն ետք, Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար աւելի դիւրին է թեկնածութիւնը յետս կոչել` խուսափելու համար մէկզմէկու փշրելու քաղաքական մարտերէն: Ան նկատել տուաւ, որ իր դէմ մղուած պայքարը իր անձին դէմ պայքար չէ, այլ` իր ներկայացուցած ընտրանքին: «Մեզի ենթարկուիլ տալու խաղերը, որոնք ի գործ կը դրուին, հարցերը պիտի...

Page 292 of 987 1 … 291 292 293 … 987

Արխիւներ