Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան նախանցեալ օր այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ շրջանային հարցեր:
Դեսպան Աթաբէկեան անդրադարձաւ Բերձորի միջանցքին փակման շուրջ զարգացումներուն, անոր ունենալիք վտանգներուն եւ պատճառած մարդկային աղէտալի հետեւանքներուն: