Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, պատասխանելու համար իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Գալիլիոյ մէջ Շթուլա բնակեցման վայրին մօտ գտնուող զինուորական անցակէտին, Հըզպալլա կառուցած է աշտարակ մը, որ իր բարձրութեամբ կը գերազանցէ իսրայէլեան սահմանային անցակէտը:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կառուցած հսկողութեան աշտարակը 18 մեթր բարձրութիւն ունի եւ անոր տանիքին վրայ հսկողութիւն կը կատարուի, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կայ, որ այդ աշտարակին վրայէն քաղաքայիններուն դէմ կրակոց արձանագրուի:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» նաեւ կը նշէ, որ կրակելու հաւանականութիւնը մտահոգիչ չէ Իսրայէլի համար, որովհետեւ Հըզպալլա գիտէ, որ այդ արարքը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:


