Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը սահմանային Կապոյտ գիծէն անդին շպրտած է թշնամիին պատկանող փշաթել մը:
Բանակի գրառումին մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը այդ փշաթելը 4 մեթր խորութեամբ լիբանանեան հողերուն մէջ զետեղած էին` խախտելով Հունին-Մարքապա շրջանի սահմանային Կապոյտ գիծը:
Նշենք, որ կէսօրին բանակը պատրաստ վիճակի մէջ գտնուեցաւ, երբ իսրայէլեան «Մերքավա» տիպի հրասայլ մը Մթըլլէի բնակեցման վայրի արեւելեան կողմը գտնուող Համամես շրջանը մօտեցաւ` առանց խախտելու սահմանային Կապոյտ գիծը:


