Լիբանանեան

Այն Թինէի Մէջ.   Պաքերի. «Լիբանանի Ապագան Պէտք Է Կերտուի  Լիբանանցի Եղբայր Ժողովուրդին Ազատ Կամքով»

Այն Թինէի Մէջ. Պաքերի. «Լիբանանի Ապագան Պէտք Է Կերտուի Լիբանանցի Եղբայր Ժողովուրդին Ազատ Կամքով»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար եւ իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով աւագ բանագնաց Ալի Պաքերի Քաննին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ...

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի  Մէկ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Միշել Մուաուատի

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մուաուատի

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ անդամակցութեամբ երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Պիլալ Ապտալլայի, երէկ այցելեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Մուաուատի հետ կը բաժնեն նոյն համոզումները, ինչպէս` գերիշխանութիւնը, բարեկարգումը եւ ազգային միասնականութիւնը: Ան աւելցուց սակայն, որ...

Ժահժահ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ժահժահ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրաշարժին պատճառով Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ժահժահ ընդգծեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ պէտք է օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի այդ գործընթացը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարուի, որպէսզի...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Տնտեսական Փլուզումը Կանգ Կ՛առնէ  Քաղաքական Կայունութենէն Ետք» Շեշտեց Շքէյր

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Տնտեսական Փլուզումը Կանգ Կ՛առնէ Քաղաքական Կայունութենէն Ետք» Շեշտեց Շքէյր

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ անկարելի է երկիրը դէպի կայունութիւն առաջնորդել կամ ճիշդ հունի վրայ զետեղել, եթէ կարելի չըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը միացնէ բոլոր լիբանանցիները: Շքէյր ընդգծեց նաեւ, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 64.600 լ. ոսկի է: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է արմատական բարեփոխումներու ենթարկելու ելեւմտական համակարգի օրինագիծի առաջարկը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել ստեղծուած բացը եւ պաշտպանել դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ Լիբանանի...

Երկրաշարժին Պատճառով  Մեծ Թիւով Լիբանանցիներ  Կը Մնան Անյայտ Կորսուածներու Շարքին

Երկրաշարժին Պատճառով Մեծ Թիւով Լիբանանցիներ Կը Մնան Անյայտ Կորսուածներու Շարքին

Թէեւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժներուն յետցնցումները կը շարունակուին արձանագրուիլ եւ ազդել Լիբանանի վրայ, սակայն անոնց ուժգնութիւնը համեմատաբար աւելի մեղմ է եւ սարսափ չի պատճառեր քաղաքացիներուն: Այս շրջագիծին մէջ Երկրաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Մարլեն Պրաքս յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ 250 յետցնցում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այդ յետցնցումները պիտի շարունակուին մինչեւ այսօր: Միւս կողմէ, սակայն, 6 փետրուար 2023-ին Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Ժահժահն ու Մաուլաուին

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահն ու Մաուլաուին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին զարգացումները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել գերիշխանական եւ բարեկարգումի հաւատացող հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի կարենան սկսիլ երկրին փրկութեան աշխատանքին եւ լիբանանցիներու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 64.300 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.205.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.232.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.203.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 767.000 լ. ոսկի: ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը չկրցաւ գումարել իր նիստը` օրինաթիւի...

Լիբանանցիները Ահ Ու Սարսափի Մատնուեցան  Երկիրը Ցնցող Երկրաշարժին Ու Անոր  Յետցնցումներուն Պատճառով

Լիբանանցիները Ահ Ու Սարսափի Մատնուեցան Երկիրը Ցնցող Երկրաշարժին Ու Անոր Յետցնցումներուն Պատճառով

Բազմաթիւ տագնապներու եւ փոթորիկներու ներքեւ կքած եւ իր ջիղերուն հակակշիռը հազիւ որոշ սահմանի մը հասցնող լիբանանցի քաղաքացիները իսկապէս ցնցուեցան եւ ահ ու սարսափի մատնուեցան, երբ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը` կեդրոն ունենալով Մարաշը: Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 3:20-ին, ամբողջ Լիբանանը` հարաւէն հիւսիս, ցնցուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը հարուածած եւ 7,8 ռիխթըր...

Թարեք Պիթար. «Ռաուլ Նաամէէն  Ոչ Մէկ Նամակ Ստացած Եմ»

Պիթար Հարցաքննութիւնները Յետաձգեց

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ իր գրասենեակը, ուր յայտարարեց, թէ փետրուար ամսուան ընթացքին ճշդուած հարցաքննութիւնները պիտի յետաձգէ` նկատի ունենալով արձանագրուած զարգացումները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են ընդհանուր դատախազի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար հետաքննութեան ճշգրտութիւնը: Պիթար յայտնեց, որ ինք հարցաքննութեան նիստերը յետաձգած է, որովհետեւ հետաքննութեան թղթածրարը հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորին եւ ընդհանուր դատախազութեան միջեւ գործակցութիւն կ՛ենթադրէ,...

Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Նախարարներուն  Մասնակցելու Կառավարութեան Նիստերուն`  Ընդգծելով Անոնց Անհրաժեշտութիւնը

Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Նախարարներուն Մասնակցելու Կառավարութեան Նիստերուն` Ընդգծելով Անոնց Անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին ան բոլոր լիբանանցիները շնորհաւորեց Լիբանանը ցնցած երկրաշարժէն չտուժելու առիթով: Ան ցաւ յայտնեց Լիբանանի հարեւան երկիրներուն մէջ երկրաշարժին պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար: Միքաթի կոչ ուղղեց նախարարներուն մասնակցելու կառավարութեան նիստերուն` ընդգծելով այդ նիստերուն անհրաժեշտութիւնը եւ այս դժուար փուլին քաղաքացիներու տագնապներուն լուծման հասնելու կարեւորութիւնը: Միքաթի նշեց, որ հանրապետութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 63.900 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.188.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.216.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.206.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 754.000 լ. ոսկի: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ այնքան ատեն...

Լիբանան Քաղաքական, Տնտեսական,  Արդարադատութեան Եւ Կլիմայական  Փոթորիկներու Դիմաց

Լիբանան Քաղաքական, Տնտեսական, Արդարադատութեան Եւ Կլիմայական Փոթորիկներու Դիմաց

Մինչ «Ֆարահ» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ սաստիկ կերպով հարուածել Լիբանանը, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ կը գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար կրթական մարզը յուզող հարցերը եւ փորձելու համար գոհացում տալ պետական դպրոցներու ուսուցիչներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի, որ Փարիզի մէջ կայանայ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու խորհրդաժողովը` հաստատելու համար, որ Լիբանան տակաւին կարեւոր է իր բարեկամներուն համար, որոնք կ՛ուզեն զինք իր...

«Քեփիթըլ Քոնթրոլի»-ի Օրինագիծին Մէջ Առկախ Մնացած Երկու Կէտերը Նոր Գումարներու Ճշդումն Ու Դրամատուներուն Դէմ Ներկայացուած Դատական Հայցերն Են»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Ուաշինկթընի Մէջ. Պու Սաապ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Եւ Ելեկտրականութեան Ապահովումին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուած էր Ուաշինկթըն, անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքացիական անվտանգութեան Սպիտակ Տան խորհրդական Ճէյք Սալիվընի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի փոխօգնական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատու Պրեթ Մըքկորքի, ուժանիւթի անվտանգութեան նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, Լիբանանի եւ Յորդանանի պատասխանատու Նատին...

Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին  Շարք Մը Լումայափոխներ

Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Շարք Մը Լումայափոխներ

Ապահովութեան ուժերը` գործադրելով դատական իշխանութեան համապատասխան ատեաններուն կողմէ արձակուած վճիռը, անցեալ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ ձերբակալեցին 7 լումայափոխներ, որոնք առանց արտօնագիրի ապօրինի կը գործէին: Սայտայի մէջ նախաձեռնուած այս քայլին շնորհիւ շրջուն լումայափոխներու դրութիւնն ու «Ռիատ Սոլհ» փողոցին վրայ գտնուող տասնեակ ապօրինի լումայափոխներուն երեւոյթը վերացած է: Վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ձերբակալուած են նաեւ այլ լումայափոխներ, ինչպէս` Ալի Նըմըր Խալիլ եւ անոր հարազատներէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 62.000 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն պարզած այսօրուան իրավիճակը հետեւանք է ժողովուրդին դաւաճանելու իմաստով քաղաքական անձնաւորութիւններուն ունեցած դերակատարութեան: Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կատարուելու պարագային պէտք է լուսարձակի տակ առնել ժողովուրդին վիճակը, ապա մտածել հանրապետութեան նախագահի մը մասին, որ կրնայ այս գերզգայուն իրավիճակը զսպել...

Միքաթի Կառավարութիւնը Դարձեալ  Նիստի Մը Կը Հրաւիրէ

Միքաթի Կառավարութիւնը Դարձեալ Նիստի Մը Կը Հրաւիրէ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը ծրագրէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին` քննարկելու համար կրթական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կայացնելու որոշումներ, որոնք կարեւոր են կրթութեան մարզը աշխուժացնելու համար: Միւս կողմէ, Միքաթի  երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցեր: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Միքաթի վարչապետարանին մէջ...

Մաուլաուի Ապահովութեան Կացութիւնը  Քննարկեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի Հետ

Մաուլաուի Ապահովութեան Կացութիւնը Քննարկեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի Հետ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններն ու նախարարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: Մաուլաուի յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է` աւելցնելով, որ անիկա ամրապնդուած պիտի մնայ, այնքան ատեն որ ապահովութեան ուժերը իրենց ազգային ոգիով...

Տուիքան Շարունակեց Լիբանանցի  Պատասխանատուներուն Հետ  Իր Հանդիպումները

Տուիքան Շարունակեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ Իր Հանդիպումները

Լիբանանի կատարուած միջազգային օժանդակութեան համադրող, դեսպան Փիեռ Տուիքան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Տուիքան քննարկեց ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման նպատակով Փարիզի ի գործ դնելիք ջանքերուն լրջութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ան Ֆայեատին յանձնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նամակը, որ կը կրէր ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր...

Լիբանանեան Եւ Կիպրական  Բանակներուն  Միջեւ Գործակցութեան  Ծրագիրի Ստորագրութիւն

Լիբանանեան Եւ Կիպրական Բանակներուն Միջեւ Գործակցութեան Ծրագիրի Ստորագրութիւն

18 օգոստոս 2021-ին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ անոր կիպրացի պաշտօնակիցին` զօր. Տիմոքրիթոս Զերվաքիսի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին իբրեւ շարունակութիւն, երէկ Կիպրոսի մէջ ստորագրուեցաւ այլ համաձայնագիր մը` լիբանանեան եւ կիպրական բանակներուն միջեւ գործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման նպատակով: Այս նպատակով Նիկոսիա մեկնեցաւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ գնդապետ-զօրավար Եուսեֆ Հատտատ, որ կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Լուքաս Հաճիքոնսթանթասի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ...

Page 288 of 987 1 … 287 288 289 … 987

Արխիւներ