Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը ծրագրէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին` քննարկելու համար կրթական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կայացնելու որոշումներ, որոնք կարեւոր են կրթութեան մարզը աշխուժացնելու համար:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցեր:
Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ելեւմտական տագնապն ու պետական մարզին վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:
Հանդիպումէն ետք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած ելեւէջներն ու վառելանիւթի սղաճը, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ պետական մարզի պաշտօնեաներուն վրայ:
Պայրամ յայտնեց, որ պաշտօնեային նուազագոյն իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով աշխատանք մը կատարուի, որպէսզի ան կարենայ կայուն նիւթական մուտք մը ունենալ` արձանագրուած սակերու փոփոխութիւններուն լոյսին տակ:
Պայրամ յայտնեց, որ եթէ կարելի ըլլայ իրապաշտ թիւեր ճշդել եւ նոր նուազագոյն աշխատավարձի մը յանգիլ, ապա Միքաթի պատրաստ է կառավարութիւնը հրաւիրելու նիստի մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ապահովել լիբանանցիներու շահերը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Թրիփոլիէն հասած պատուիրակութիւն մը, որ Միքաթիի հետ քննարկեց Թրիփոլիի կարիքները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի եւ Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի: