Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահն ու Մաուլաուին

Փետրուար 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին զարգացումները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել գերիշխանական եւ բարեկարգումի հաւատացող հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի կարենան սկսիլ երկրին փրկութեան աշխատանքին եւ լիբանանցիներու ուսերուն գտնուող ծանր բեռը թեթեւցնել:

Ժահժահ ընդգծեց, որ ցարդ երկրին իշխանութիւնը ստանձնող կողմերը անկարելին կարելի կը դարձնեն, որպէսզի լիբանանցիներուն վիզը իրենց ձեռքերուն մէջ պահեն` հակառակ անոնց կամքին:

Ժահժահ նշեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով արտաքին ուժերուն վստահողները անտեղի քայլեր առած են, որովհետեւ արտաքին աշխարհը Լիբանանով չէ հետաքրքրուած, իսկ լիբանանցիները չեն կրնար հանդուրժել սպասումը:

Սթրիտա Ժահժահ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան համար` աւելցնելով, որ իրենք կը մաղթէին, որ ան իր նախաձեռնութիւնը իրենց հետ համադրէր, որպէսզի յաջողութիւն ապահովէր:

Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք իմացած են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառչած մնացած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի անուան:

Ժահժահ հաստատեց, որ ցարդ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն երեսփոխան Միշել Մուաուատն է` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքէն խնդրած են յաւելեալ ճնշում բանեցնել նախագահական ընտրութիւն կատարելու ուղղութեամբ:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, հակառակ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ու դժուարութիւններուն:

Մաուլաուի հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ապրիլին պիտի հրաւիրէ ընտրական խորհուրդները:

Մաուլաուի նշեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները քաղաքական թղթածրար չեն նկատուիր, այլ օրինական պարտաւորութիւն` հասնելու համար լիբանանցիներու կարիքներուն:

«Մենք կը յարգենք սահմանադրական ժամկէտները, որպէսզի բոլոր գործընթացները ճշդուած ժամանակին կատարուին», ըսաւ ան:

Մաուլաուի նշեց, որ ինք չի միտիր քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգել` աւելցնելով, որ այս կարելիութիւնը կառավարութեան նիստին պիտի չարծարծէ:

Մաուլաուի աւելցուց նաեւ, որ ինք դատական իշխանութեան գործունէութեան միջամուխ չի դառնար, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան մասին իր կարծիքը չ՛ուզեր յայտնել:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Երկրաշարժին Պատճառով Մեծ Թիւով Լիբանանցիներ Կը Մնան Անյայտ Կորսուածներու Շարքին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?