Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուած էր Ուաշինկթըն, անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքացիական անվտանգութեան Սպիտակ Տան խորհրդական Ճէյք Սալիվընի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի փոխօգնական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատու Պրեթ Մըքկորքի, ուժանիւթի անվտանգութեան նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, Լիբանանի եւ Յորդանանի պատասխանատու Նատին Զաաթարի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ Լիբանանի ծովային սահմանագծումը իրագործելու նուաճումը` լուսարձակի տակ առնելով անոր յաջորդող փուլին ընթացքին Լիբանանի համար ապահովուելիք ելեւմտական շահերն ու գործադրուելիք տնտեսական ապաքինման ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ փտածութեան դէմ պայքար, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզի բարելաւման յատուկ օրէնքներու վաւերացում:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի ան հետեւի Լիբանանի փրկութեան ծրագիրին եւ ինքն իր հանդէպ վերահաստատէ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Փարիզի մէջ այս շաբթուան ընթացքին յօգուտ Լիբանանի տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Պու Սաապ ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ քննարկեց նաեւ Միջազգային դրամական Ֆոնտին հետ ստորագրուելիք համաձայնագիրին վերաբերող խնդիրներ: Ան հաստատեց կարգ մը օրէնքներ փոփոխութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար լիբանանցի ներդրողներուն իրաւունքները, դրամատնային մարզի բարեկարգումն ու օրինազանցութիւններ գործողներուն հաշուետուութեան ենթարկումը:
Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանին ելեկտրականութիւն ապահովելու կարեւորութեան, որուն լոյսին տակ Պու Սաապ ակնարկեց Եգիպտոսէն բնական կազ ու Յորդանանէն ելեկտրականութիւն ներածելու կարեւորութեան եւ ամերիկեան վարչակազմէն խնդրեց օժանդակել անոր իրականացումին` գործակցելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեան եւ անոր հանդէպ Բրիտանիոյ ու բարեկամ երկիրներուն ցուցաբերած զօրակցութեան:
Պու Սաապ լիբանանեան պատուիրակութեան հետ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած իր հանդիպումները աւարտեց այցելելով արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպրա Լիվի:
Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներն ու անոր իրագործելիք սահմանադրական գործընթացները, որոնցմէ կարեւորագոյնը` նախագահական ընտրութեան կայացումն ու ամէնէն մօտիկ ապագային նոր գործադիր իշխանութեան մը կազմութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Պու Սաապ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի հետեւանքներուն եւ տնտեսական տագնապի սրումին հետ Լիբանանի մէջ վտանգներու բազմանալուն, պարզապէս որովհետեւ միջազգային ընտանիքը կը զլանայ անոնց հարցը լուծել:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մ. Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Էրիք Մէյըրի հետ:
Պու Սաապ Մէյըրի հետ հանդիպումը նկատեց շատ կարեւոր` աւելցնելով, որ քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ տնտեսական մարզի բարեկարգման ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին եւ դրամատնային մարզի վերակառուցման վրայ:
Պու Սաապ շեշտեց, որ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին հաստատուած է, թէ լիբանանցիները կրնան բարեկարգումի իրենց ընթացքը մինչեւ վերջ շարունակել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու, անդրադառնալով լիբանանեան պատուիրակութեան Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան, հաստատեց, որ պատուիրակութիւնը սուր կեցուածք մը լսած է արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը թելադրեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան գաղտնաբառը դուրսէն չսպասել, որովհետեւ նախագահի ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է, իսկ սպասումը` անտեղի», նշեց ան: