Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 62.000 լ. ոսկի է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն պարզած այսօրուան իրավիճակը հետեւանք է ժողովուրդին դաւաճանելու իմաստով քաղաքական անձնաւորութիւններուն ունեցած դերակատարութեան: Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կատարուելու պարագային պէտք է լուսարձակի տակ առնել ժողովուրդին վիճակը, ապա մտածել հանրապետութեան նախագահի մը մասին, որ կրնայ այս գերզգայուն իրավիճակը զսպել եւ հակակշռել: Ան հարց տուաւ, որ կարգ մը երեսփոխաններուն կողմէ իրենց հեղինակութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատարմութեան պատճառով նախագահի ընտրութեան չմասնակցիլը գերագոյն ոճիր եւ գերագոյն դասալքութիւն չի նկատուի՞ր:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը կլիմայի վատ պայմաններուն պատճառով երէկ կոչ ուղղեց դպրոցներու տնօրէններուն, որ իրենց հայեցողութեան համաձայն տան դպրոցները բանալու թէ փակ պահելու որոշումը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն քաղցկեղի յատուկ դեղորայքին տրամադրած իրենց նպաստը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ երկրին մէջ ալիւրի տագնապ չկայ` աւելցնելով, որ այդ մասին յայտարարութիւն տարածողը ոճրագործի համազօր է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ իր համայնքին մէջ ամէնէն հզօր անձնաւորութիւնը նկատուելու տեսութիւնը ձախողած է: Ան կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին նախագահական թեկնածու մը առաջադրելու:

ՀԱՆՐՕՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ իրենց առաջին եւ վերջին գրաւը լիբանանցիներուն միջեւ շինիչ եւ կառուցողական երկխօսութեան վրայ դրած են` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենց թշնամիները կը փորձեն նախագահական ընտրութեան գործընթացը վերածել այնպիսի հանգամանքի մը, որուն շրջագիծին մէջ ընտրուի իրենց քաղաքականութիւնը գործադրող հանրապետութեան նախագահ մը եւ սեղմէ Դիմադրութեան գործունէութեան օղակը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունած իր ժողովրդային պատուիրակութիւններուն յայտնեց, թէ իրենք կը փափաքին ունենալ անձնաւորութիւն մը, որ չ՛արգելակեր հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդունուած կ՛ըլլայ արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն կողմէ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի փրկութեան անհրաժեշտ ելքը կը սկսի նախագահական ընտրութեամբ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի երկրին քաղաքական տագնապը լուծուի` ինքնաբերաբար իր ազդեցութիւնը ունենալով տնտեսական տագնապին վրայ եւ վերահաստատելով Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը: Ան հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան եւ բաց խորհրդակցութիւններու, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր կը մերժեն մաս կազմել երկրին բոլոր գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ չեն փափաքիր ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ քաղաքական վարչակազմին մակարդակով պաշտպանէ Դիմադրութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը զուտ լիբանանեան օրակարգ է` աւելցնելով, որ արտաքին ուժերը չեն կրնար հանրապետութեան նախագահի անուն պարտադրել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ սակերը ամերիկեան տոլարով ճշդելու քայլը հսկայ քաոս մը պիտի ստեղծէ, որովհետեւ առեւտրականները իրենք քմահաճոյքին համաձայն պիտի ճշդեն սակերը: Ան շեշտեց, որ իբրեւ երեսփոխան իր ամսական աշխատավարձերը` յունիս 2022-էն սկսեալ, մինչեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտը կամ հրաժարականը, կը տրամադրէ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու բուժման:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին օրինաթիւ ապահովելու նպատակով: Մուսա ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու կը մնայ, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը համապատասխանէ Ազգային ուխտին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առաջնահերթութիւնը: Ժահժահ մաղթեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը կարենայ Լիբանանի համար մեծագոյն տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութիւնը ապահովել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կը յետաձգէ երկրին փլուզումը, որ պէտք էր կատարուէր 2017-ին: Ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու, որովհետեւ ներկայ խորհրդարանը անկարող է հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Ուահապ ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին, որպէսզի գետնի վրայ կացութիւնը հակակշռուի:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը դրամատուներէն պահանջեց վարկերը ամերիկեան տոլարի նոր փոխարժէքի սակին հիման վրայ չպահանջել քաղաքացիներէն: Համադաշնակցութիւնը յայտնեց, որ ելեւմուտքի պատասխանատուները մետասաներորդ պահուն տոլարի փոխարժէքը տասնապատկեցին, մինչդեռ ամսական աշխատավարձերը միայն եռապատկուած են կամ կրկնապատկուած, իսկ սեւ շուկային մէջ տոլարի փոխարժէքը 40 անգամ բազմապատկուած է, եւ լիբանանեան դրամանիշը` 97 առ հարիւրի համեմատութեամբ արժեզրկուած:

ՊԵՏԱԿԱՆ հաստատութիւններու վարչական պատասխանատուները յայտարարեցին, որ իրենց սկսած գործադուլը պիտի երկարաձգեն մինչեւ ուրբաթ, 17 փետրուար 2023, որմէ ետք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու` առկայ զարգացումներուն լոյսին տակ:

ՊԵՏԱԿԱՆ դպրոցներու հետ պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք պիտի չվերադառնան իրենց աշխատանքին, մինչեւ որ պետութիւնը իրենց բոլոր պահանջներուն ընդառաջէ: Անոնք կոչ ուղղեցին զօրակցելու իրենց եւ մասնակցելու «Պշարա Խուրի» հրապարակին վրայ այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին կայանալիք բողոքի նստայցոյցին:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Վար Առաւ Չինական Օդապարիկը. Փեքին Կը Բողոքէ

Յաջորդը

Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Շարք Մը Լումայափոխներ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?