Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի Ապահովութեան Կացութիւնը Քննարկեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի Հետ

February 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններն ու նախարարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

Մաուլաուի յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է` աւելցնելով, որ անիկա ամրապնդուած պիտի մնայ, այնքան ատեն որ ապահովութեան ուժերը իրենց ազգային ոգիով կը պաշտպանեն երկիրը, եւ պատասխանատուները կը հսկեն լիբանանցիներու անվտանգութեան պաշտպանութեան:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ինք Պըրրին տեղեակ պահած է քաղաքապետական ընտրութիւններու թուականներուն` օրինական եւ սահմանադրական ժամկէտներուն մասին` աւելցնելով, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան պարտականութիւնն է կատարել բոլոր նախապատրաստութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին պատրաստ ըլլալ այդ ընտրութիւնները կայացնելու:

Մաուլաուի յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիէն խնդրած է լուծել քաղաքապետութիւններուն վերաբերող կարգ մը հարցեր:

Մաուլաուի այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր ան ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Մաուլաուի դարձեալ ընդգծեց երկրին ապահովական կացութեան կայունութիւնը` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կ՛աշխատի պատրաստել ինքզինք եւ յառաջիկայ մայիսին քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով կազմ ու պատրաստ ըլլալ:

Մաուլաուի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը կը պաշտպանեն լիբանանցիները եւ բնաւ պիտի չհակադրուին քաղաքացիներուն հետ:

Ան կոչ ուղղեց մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահը ընտրելու` հաստատելով, որ անիկա խորհրդարանին պարտականութիւնն է:

Նախորդը

Տուիքան Շարունակեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ Իր Հանդիպումները

Յաջորդը

Միքաթի Կառավարութիւնը Դարձեալ Նիստի Մը Կը Հրաւիրէ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.