Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուիքան Շարունակեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ Իր Հանդիպումները

February 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կատարուած միջազգային օժանդակութեան համադրող, դեսպան Փիեռ Տուիքան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Տուիքան քննարկեց ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման նպատակով Փարիզի ի գործ դնելիք ջանքերուն լրջութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ան Ֆայեատին յանձնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նամակը, որ կը կրէր ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր վերացնելու բոլոր այն արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանան փոխադրելու գործընթացը:

Տուիքան բարձր գնահատեց Ֆայեատի ջանքերը, որոնք գործադրուած էին Եգիպտոս եւ Յորդանան անոր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, անցեալ շաբաթ:

Տուիքան շեշտեց, որ Ֆայեատ արհեստավարժ եւ ատակ անձնաւորութիւն մըն է` բանակցութիւնները վարելու եւ զանոնք յաջողցնելու առումով:

Ան աւելցուց, որ Ֆայեատ արդէն իսկ ստորագրած է եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանան փոխադրելու համաձայնագիրը:

Ֆայեատ ողջունեց պահանջուած այս նախաձեռնութիւնը եւ մաղթեց, որ անոր ջանքերը յաջողութեամբ կը պսակուին:

Ան Տուիքանի յանձնեց այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ուժանիւթի նախարարութիւնը յանձնառու կը մնայ Միջազգային դրամատան բոլոր պահանջներուն եւ նախապայմաններուն:

Տուիքան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի հետ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան մարզին յատուկ խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Համիէ յայտնեց, որ իրենց գրաւը կը մնայ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ կատարուելիք ներքին լիբանանեան երկխօսութեան վրայ, որովհետեւ անոր հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ գործադրել բարեկարգումները` Լիբանանի բարգաւաճման ի խնդիր:

Տուիքան հանդիպումներ պիտի ունենար նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամիի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի հետ:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Եւ Կիպրական Բանակներուն Միջեւ Գործակցութեան Ծրագիրի Ստորագրութիւն

Յաջորդը

Մաուլաուի Ապահովութեան Կացութիւնը Քննարկեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի Հետ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.