«Կը Մերժեմ Կառավարութեան Նիստին Մասնակցիլ, Եթէ Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծը Պիտի Քննարկուի» Շեշտեց Ամին Սալամ
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը թակարդներով լեցուն է եւ ամբողջական հարուած ստացած ու բարեփոխուած` ծառայելու համար ներկայ վարչակազմէն օգտուողներու շահերուն: «Հետեւաբար կը մերժեմ կառավարութեան նիստին մասնակցիլ, եթէ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը պիտի քննարկուի, իսկ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է», ըսաւ ան: Սալամ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ վարչապետի պաշտօնակատար...




















