Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար եւ իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով աւագ բանագնաց Ալի Պաքերի Քաննին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պաքերի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին շինիչ հանդիպումներ կրցած է ունենալ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ղեկավարութիւններու հետ:
Ան հաստատեց, որ պատիւը ունեցած է նաեւ հանդիպելու Պըրրիի հետ եւ քննարկելու Լիբանանի եւ Իրանի վերաբերող միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու արձանագրուած շրջանային ու միջազգային զարգացումները:
Պաքերի շեշտեց, որ Իրան միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, զարգացումին, բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան, որ երկիրը կը պաշտպանէ թշնամիներէն:
Պաքերի ընդգծեց, որ Լիբանանի թշնամիները տակաւին կը փորձեն անիրաւութիւններ գործել անոր դէմ, ինչպէս նաեւ շրջափակել ու տկարացնել զայն, «սակայն մենք վստահ ենք, որ Լիբանանն ու անոր Դիմադրութիւնը պիտի մնան հզօր եւ քաջութեամբ պիտի պայքարին թշնամիին դէմ», ըսաւ ան:
Պաքերի հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին կար միացեալ տեսակէտ այն առումով, որ Լիբանանի ապագան պէտք է կերտուի լիբանանցի եղբայր ժողովուրդին ազատ կամքով:
Պաքերի շեշտեց, որ Իրան միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, բոլոր մարզերուն մէջ:


