Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Քաղաքական, Տնտեսական, Արդարադատութեան Եւ Կլիմայական Փոթորիկներու Դիմաց

February 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ «Ֆարահ» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ սաստիկ կերպով հարուածել Լիբանանը,

կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ կը գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար կրթական մարզը յուզող հարցերը եւ փորձելու համար գոհացում տալ պետական դպրոցներու ուսուցիչներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի, որ Փարիզի մէջ կայանայ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու խորհրդաժողովը` հաստատելու համար, որ Լիբանան տակաւին կարեւոր է իր բարեկամներուն համար, որոնք կ՛ուզեն զինք իր դիմագրաւած տագնապներէն փրկել:

Փարիզի խորհրդաժողովին մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահին ինքնութիւնը քննարկումի առարկայ պիտի չդառնայ` աւելցնելով, որ նախատեսուած է, որ ներկայ պատուիրակները իրենց ունենալիք խորհրդաժողովէն ետք այցելեն Պէյրութ:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ ժամանակն է, որ լիբանանցի պատասխանատուները կատարեն իրենց պարտականութիւնը եւ ընտրեն հանրապետութեան նոր նախագահը:

Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի կատարուած միջազգային օժանդակութիւնը համադրող, դեսպան Փիեռ Տուիքան, որ կը գտնուէր Պէյրութ, ամբողջացուց իր առաքելութիւնը, որուն աւարտին ան հաստատեց, որ ինք սկսած է բարեկարգումներու նշոյլներ նշմարել` կացութիւնը բաղդատելով 2019-ի կացութեան հետ:

Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները շաբաթ գիշեր Արտերկրի լիբանանցիի յուշարձանին դիմաց կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ կայ ճշմարտութիւն մը, որ դատական իշխանութեանց «միջանցքներուն» մէջ կորսուած է, «սակայն մենք կառչած կը մնանք այդ ճշմարտութիւնը իմանալու մեր իրաւունքին», շեշտեցին անոնք:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին դատաւորներուն ինքնաքննարկումի ենթարկելու իրենք զիրենք եւ նշմարելու պարագային, թէ իրենք իբրեւ դատաւոր չեն վարուած` հրաժարելու եւ պատրաստուելու հաշուետուութեան:

Նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք կը պահանջեն դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը, այլ խօսքով` քաղաքական միջամտութիւններուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առումով, Պետական անվտանգութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի կողմէ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ բերման գիրի մը հրապարակման պարագային, անոնք պիտի գործադրեն այդ հրահանգը:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Պու Սաապ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Եւ Ելեկտրականութեան Ապահովումին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարը Ըսած Է, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Բացուին Հայաստանի Հետ Սահմանները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.