Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

February 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրաշարժին պատճառով Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ժահժահ ընդգծեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ պէտք է օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի այդ գործընթացը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարուի, որպէսզի այդ ընտրութիւններուն կատարուիլը մերժող կուսակցութիւնները չհասնին իրենց նպատակին:

Քննարկուեցան նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան վերաբերող հարցեր` հիմնականին մէջ կեդրոնանալով հետաքննութիւնը չամբողջացնելու ծրագիրներուն եւ ջանքերուն վրայ: Ժահժահ շեշտեց, որ պէտք է միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբ մը կազմուի` բացայայտելու համար պայթումին վերաբերող ճշմարտութիւնը եւ օժանդակելու լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք իմանան այդ գաղտնիքները:

Հզօր Հանրապետութիւն Համախմբումը
Այցելեց Եազիժի Պատրիարքին

Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ֆատի Քարամ մաղթեց, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք միջքրիստոնէական հանդիպումը միայն լուսանկարուելու չի ծառայեր, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Ան աւելցուց, որ այս մտահոգութեամբ իրենք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած են նախաձեռնութիւն մը, որպէսզի կարենան միջքրիստոնէական համախոհութիւնը երաշխաւորել:

Քարամ հաստատեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնը իրաւունք է, սակայն անիկա պէտք է աւարտի սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան նկատմամբ յարգանքով:

 

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Տնտեսական Փլուզումը Կանգ Կ՛առնէ Քաղաքական Կայունութենէն Ետք» Շեշտեց Շքէյր

Յաջորդը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մուաուատի

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.