Թէեւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժներուն յետցնցումները կը շարունակուին արձանագրուիլ եւ ազդել Լիբանանի վրայ, սակայն անոնց ուժգնութիւնը համեմատաբար աւելի մեղմ է եւ սարսափ չի պատճառեր քաղաքացիներուն:
Այս շրջագիծին մէջ Երկրաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Մարլեն Պրաքս յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ 250 յետցնցում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այդ յետցնցումները պիտի շարունակուին մինչեւ այսօր:
Միւս կողմէ, սակայն, 6 փետրուար 2023-ին Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին պատճառով մեծ թիւով լիբանանցիներ կը մնան անյայտ կորսուածներու շարքին:
Անգարայի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը յայտնեց, որ 18-20 լիբանանցիներ կարելի եղած է փրկել Անտիոքի մէջ եւ անոնց տրամադրել առաջին բուժօգնութիւններն ու բժշկական խնամքը:
Դեսպանատունը յայտնեց նաեւ, որ կան շուրջ 30 լիբանանցիներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ անյայտ կորսուած են եւ որոնց հետ հաղորդակցութիւն չկայ:
Դեսպանատունը յայտնեց նաեւ, որ Անտիոքի փլատակներուն տակ կը գտնուին երեք լիբանանցիներ, որոնց դուրս բերելու աշխատանքը կը շարունակուի:
Որոնողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ երեք լիբանանցիներուն, որոնք կը գտնուէին պանդոկի մը մէջ, նախքան անոր փուլ գալը:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ լիբանանցի Մոհամետ Սարհան Շամա եւ անոր զաւակը կարելի եղաւ դուրս բերել Անտիոքի փլատակներուն տակէն, սակայն անոր կնոջ ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անորոշ:
Իսկ Սուրիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիի ոչ մէկ պարագայ արձանագրուեցաւ:
Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներէն խնդրեց Դամասկոսի եւ Անգարայի մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուներուն ճամբով կապ հաստատել շտապ պարագաներուն ընթացքին:
Այս մտահոգութեամբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւեալ զոյգ թիւերը յատկացուց Անգարայի լիբանանեան դեսպանատան հետ կապուելու համար. 00905059214848 եւ 00905386076547, իսկ Դամասկոսի մէջ լիբանանեան դեսպանատան հետ կապուելու համար յատկացուեցաւ հետեւեալ թիւը. 00963994386172:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, որ նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Հիւսէյն Առնուսի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնած սուրիացի զոհերուն համար, վերահաստատեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը Սուրիոյ տրամադրելու գումակային օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ մասնակցելու փրկարար աշխատանքներուն:
Այս նպատակով երէկ Սուրիա ուղղուեցան երկու պատուիրակութիւններ, առաջինը` Լիբանանեան Կարմիր խաչէն, իսկ երկրորդը` Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն:
Զոյգ պատուիրակութիւնները պիտի օժանդակեն Սուրիան հարուածած երկրաշարժէն ետք տակաւին ընթացող որոնողական, մարդասիրական եւ փրկարար աշխատանքներուն` Սուրիոյ Կարմիր մահիկին հետ գործը համադրելով:
Միքաթիի որոշումով կազմուեցաւ նաեւ նախարարական պատուիրակութիւն մը, որ այսօր պիտի այցելէ Սուրիա` քննարկելու համար երկրաշարժին հետեւանքներն ու սուրիացիներուն տրամադրուելիք մարդասիրական օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ, Ալի Համիէ, Հեքթոր Հաժժար, Ապպաս Հաժ Հասան, Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Խէյր եւ առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական խնամքի պատասխանատու Ժոզեֆ Հըլու:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հաստատեց, որ Լիբանան որոշած է օդային եւ ծովային իր կառոյցները` Պէյրութի միջազգային օդակայանն ու Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստները բաց պահել դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրել ցանկացող ընկերութիւններուն դիմաց` զանոնք տուրքերէ զերծ կացուցելով:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի անոնք օգտակար դառնան Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի ենթարկուած ժողովուրդին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է դիւրացնելու անոնց աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեղմացնել աղէտին տարողութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Պութրոս Հալլաքի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիան հարուածած երկրաշարժի զոհերուն համար:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է օժանդակելու Սուրիոյ եւ սուրիացի իր եղբայրներուն, որպէսզի անոնք կարենան ներկայ փուլն ու անոր հետեւանքները դիմագրաւել: