Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Շարք Մը Լումայափոխներ

February 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապահովութեան ուժերը` գործադրելով դատական իշխանութեան համապատասխան ատեաններուն կողմէ արձակուած վճիռը, անցեալ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ ձերբակալեցին 7 լումայափոխներ, որոնք առանց արտօնագիրի ապօրինի կը գործէին:

Սայտայի մէջ նախաձեռնուած այս քայլին շնորհիւ շրջուն լումայափոխներու դրութիւնն ու «Ռիատ Սոլհ» փողոցին վրայ գտնուող տասնեակ ապօրինի լումայափոխներուն երեւոյթը վերացած է:

Վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ձերբակալուած են նաեւ այլ լումայափոխներ, ինչպէս` Ալի Նըմըր Խալիլ եւ անոր հարազատներէն Իսա Քանժ, ինչպէս նաեւ այնպիսի լումայափոխներ, որոնք վերջին ժամանակաշրջանին շուկային վրայ ճանչցուած էին իբրեւ մրցակիցներ:

Երէկ յետմիջօրէին Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ներխուժում մը կատարեց Շթորա եւ ձերբակալեց յայտնի լումայափոխ մը, որ ծանօթ է «Հութ» ծածկանունով:

Միւս կողմէ, այլ լումայափոխ մը` Օ. Հ., անձնատուր եղաւ ապահովութեան ուժերուն:

Հարաւային Լիբանանի Մաժտալ Սըլմ շրջանին մէջ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին լումայափոխ Ֆ. Հ.-ն եւ անոր բնակարանէն մէկ միլիոն տոլարի գումար մը  գրաւեցին:

Պոհսալի. «Սննդեղէնի Սակերը Տոլարով Ճշդելը
Սպառողներու Շահերուն Կը Ծառայէ»

Սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի, անդրադառնալով հանրախանութներուն մէջ սննդեղէնի սակերը ամերիկեան տոլարով ճշդելու որոշումին, յայտնեց, որ այդ քայլը շատ աւելի դրական կողմեր ունի, քան` ժխտական:

«Սննդեղէնի սակերը տոլարով ճշդելը սպառողներու շահերուն կը ծառայէ», ըսաւ Պոհսալի` աւելցնելով, որ այս որոշումով վերջ կը գտնեն այն յայտարարութիւնները, թէ տոլարի սակին բարձրանալուն պատճառով հանրախանութներուն մէջ ապրանքներուն սակը բարձրացաւ, իսկ տոլարի սակը նուազելէն ետք` սակերը շարունակեցին բարձր մնալ:

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Պոհսալի շեշտեց, որ սպառողը ազատ է, եթէ կը փափաքի տոլարով կամ լիբանանեան դրամանիշով վճարել: Ան նշեց, որ սակերը տոլարով զետեղուած պիտի ըլլան, սակայն ստացագիրները լիբանանեան դրամանիշին հիման վրայ պիտի տրուին, իսկ տոլարի փոխարժէքը յստակ պիտի ըլլայ` սեւ շուկայի փոխարժէքին հիման վրայ:

Պոհսալի յայտնեց, որ այս որոշումը օրինական է` աւելցնելով, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը օրինական ուսումնասիրութիւն կատարած են եւ սպառողին իրաւունքները սերտած: «Հետեւաբար, ըստ օրէնքի, ապրանքները տոլարով ճշդելը օրինազանցութիւն չի նկատուիր, սակայն օրէնքի խախտում կը նկատուի, երբ սպառողին կը ստիպեն տոլարով վճարել», յայտնեց ան:

Պոհսալի հաստատեց, որ ասիկա դրական փորձառութիւն պիտի ըլլայ եւ ոչ ժխտական:

ՆՇԵՆՔ, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն սննդեղէնի գիները տոլարով ճշդել: Ան հաստատեց, որ այդ որոշումը ապօրինի է, եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս յետս կոչել զայն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Պու Սաապ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Եւ Ելեկտրականութեան Ապահովումին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.