Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին ան բոլոր լիբանանցիները շնորհաւորեց Լիբանանը ցնցած երկրաշարժէն չտուժելու առիթով:
Ան ցաւ յայտնեց Լիբանանի հարեւան երկիրներուն մէջ երկրաշարժին պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար:
Միքաթի կոչ ուղղեց նախարարներուն մասնակցելու կառավարութեան նիստերուն` ընդգծելով այդ նիստերուն անհրաժեշտութիւնը եւ այս դժուար փուլին քաղաքացիներու տագնապներուն լուծման հասնելու կարեւորութիւնը:
Միքաթի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին պարագային ստեղծուած դատարկութեան փուլը կը թուի երկարատեւ ըլլալ` աւելցնելով, որ երկիրը ելեւմտական ու տնտեսական ահռելի կերպով վտանգաւոր ժամանակաշրջանէ մը կը տառապի:
«Նկատի ունենալով երկիրը յուզող հսկայական հարցերն ու խնդիրները, կառավարութիւնը պէտք է աշխատի` ապահովելու համար պէտք եղած լուծումները: Որքան երկարատեւ ըլլայ նախագահական դատարկութեան փուլը, եւ անլոյծ մնան վերոնշեալ հարցերը, այդքան աւելի պիտի բարդանան անոնք: Հետեւաբար, գիտնալով հանդերձ, որ մենք չենք այս հարցերը ստեղծողները, կ՛ուզենք ազգային եւ սահմանադրական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ դիմագրաւել զանոնք եւ մեզի վստահուած աշխատանքները կատարել», ըսաւ ան:
Միքաթի վերստին նախարարները հրաւիրեց մասնակցելու կառավարութեան նիստերուն` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոքի կը սպառնան եւ ոչ ոքի լիազօրութիւնները կ՛իւրացնեն, այլ` պարզապէս յանձնառու կը մնան սահմանադրութեան եւ բոլորին հետ գործակցելու անոր թելադրած ոգիին:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան յաճախակի նիստեր գումարելու անհրաժեշտութիւն կայ:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը դատական իշխանութեանց գործունէութեան միջամուխ չի դառնար, սակայն կը հսկէ երկրին ապահովական կայունութեան եւ անվտանգութեան` աւելցնելով, որ իրենք նախանձախնդիր են, որ երկրին կայունութիւնը որեւէ ատեն հարուածող երեւոյթի մը պարագային հակակշռեն կացութիւնը:
Միքաթի մաղթեց, որ խորհրդարանը մօտիկ ապագային յաջողի հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել, որովհետեւ անիկա նախաքայլն է` պետական հաստատութիւններու աշխատանքները ամբողջութեամբ դասաւորելու իմաստով:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յետաձգած է քաղաքապետական ընտրութիւններու օրակարգին քննարկումը:
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը մէկ միլիառ եւ 500 միլիոն տոլարի հասնող գումար մը պիտի տրամադրէ պետական մարզի պաշտօնէութեան իբրեւ նիւթական նեցուկ, ինչպէս նաեւ նոյնքան գումար պիտի տրամադրէ կրթութեան մարզին:
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ բոլոր նախարարները նախանձախնդիր էին կրթական տարեշրջանը շարունակելու եւ այդ նպատակով ալ յատկացուցին գումարներ, որպէսզի նեցուկ կանգնին ուսուցիչներուն:
Ապպաս Հալապի մաղթեց, որ կառավարութեան տուած որոշումին հիման վրայ կարելի ըլլայ կրթական տարեշրջանը վերսկսիլ:
ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատարին որոշումով լիբանանեան դպրոցները, երկրորդական վարժարանները, արհեստից դպրոցներն ու բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնները փակ պիտի մնան այսօր` երեքշաբթի, 7 եւ վաղը` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, նկատի ունենալով Լիբանանը ցնցած երկրաշարժը, անոր ունենալիք նոր յետցնցումներն ու երկիրը հարուածող ցուրտի ալիքին հետզհետէ սաստկացումը: