Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 64.300 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.205.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.232.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.203.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 767.000 լ. ոսկի:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը չկրցաւ գումարել իր նիստը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Նշենք, որ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի կողմէ պահանջուած այս նիստէն բացակայեցան Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտ եւ դատաւոր Աֆիֆ Հաքիմ:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախանցեալ գիշեր հրապարակուած որոշումին հիման վրայ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուները երէկ սկսան գործադրել գործադուլը, որ պիտի շարունակուի նաեւ այսօր: Դրամատուներու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն ներկայացուց գործադուլ յայտարարելու իր դրդապատճառները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա կը զօրակցի երկրաշարժին պատճառով իրենց հարազատները կորսնցուցած սուրիացի եւ թուրք ընտանիքներուն:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին կրթութեան մարզին վերաբերեալ տրուած որոշումներուն գործադրութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ փետրուարի կէսէն ետք ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերուն աճ չարձանագրելու պարագային զինք առանձինն պատասխանատու պէտք չէ նկատեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ անիկա լուծման բանալին է: Ժոմպլաթ ընդգծեց քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ համայնքային բոլոր հեղինակութիւններուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապի լուծումին սկիզբը կը նկատուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց միջազգային եւ արաբական ընտանիքներուն մարդկային ակնոցով եւ մարդկային իրաւունքներու ապահովումին կարեւորութեամբ դիտելու Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենք ուղղակիօրէն մերժած են նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստը, ինչպէս նաեւ կտրականապէս մերժած են խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ներկայութիւնը` նախագահական պաշտօնի թափուր մնալուն պատճառով: «Պահանջուածը այն է, որ այլ պլոքներ եւս ուղղակի կեցուածք ճշդեն ու յայտարարեն, որովհետեւ վստահութիւնը արդէն իսկ խոցելի դարձած է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Երկրաշարժները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահն ու Մաուլաուին

RelatedPosts

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Մայիս 13, 2025
Շէյխ Քասեմ. «Մեր Ոտքերուն Վրայ Կանգուն  Պիտի Մնանք, Եւ Թշնամին Մեր Կեցուածքէն ու  Տոկունութենէն Պիտի Յուսալքուի»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Մեր Ոտքերուն Վրայ Կանգուն Պիտի Մնանք, Եւ Թշնամին Մեր Կեցուածքէն ու Տոկունութենէն Պիտի Յուսալքուի»

Մայիս 13, 2025
Սալամ. «Ընտրակաշառքին Դէմ Խիստ Քայլերով  Պայքար Պիտի Ըլլայ, Եւ Ապահովութիւնը  Խախտողներուն Դէմ Խստագոյն  Պատիժներ Պիտի Կիրարկուին»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ընտրակաշառքին Դէմ Խիստ Քայլերով Պայքար Պիտի Ըլլայ, Եւ Ապահովութիւնը Խախտողներուն Դէմ Խստագոյն Պատիժներ Պիտի Կիրարկուին»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?