Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան
Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին մասին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը: Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն: Եուսեֆ Սալամէ. «Մեր Ճակատագիրը Մէկ Է» Նախկին նախարար Եուսեֆ Սալամէ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն...




















