Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Կայացման Նպատակով Նոր Միջնո՞րդ

Սեպտեմբեր 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տագնապի լուծումը ստանձնած հինգ պետութիւններու համախմբումին միջեւ անցեալ երեքշաբթի օրուան տարակարծութիւնը պատճառ դարձած էր, որ հանդիպումէն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կարելի չըլլայ հրատարակել:

Այս հնգեակին մէջ տիրող տարակարծութիւնը, որ հիմնականին մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ արձանագրուած է, դուռ կը բանայ բազմաթիւ հարցումներու, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ապագային` նկատի ունենալով ներկայ տարակարծութիւններն ու բանակցութիւններուն զերօ կէտին վերադարձը` լիբանանեան, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային մակարդակի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք ֆրանսական դերակատարութիւնը աւարտա՞ծ է եւ Քաթա՞րը ստանձնած է միջնորդի պարտականութիւնը, եւ ի՞նչ գործելաոճ պիտի որդեգրուի Քաթարի կողմէ, որպէսզի փորձէ յաջողցնել իր միջնորդութիւնը: Արդեօք ե՞րբ նախատեսուած է նախագահական ընտրութիւն կատարելը: Այս բոլոր հարցումները կը մնան անպատասխան` նկատի ունենալով տիրող տարակարծութիւնը, ինչպէս նաեւ քաթարցի պատուիրակի մը Լիբանան ժամանումին եւ անոր ունեցած հանդիպումներուն մասին տիրող գաղտնիութիւնը:

Նշենք, որ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, քաթարցի պատուիրակ Ապու Ֆահըտ Ժասեմ Ալ Թանի Պէյրութի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց տեսակէտները կ՛արձանագրէ` ենթահող պատրաստելու համար Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան կատարելիք այցելութեան:

Կը նշուի նաեւ, որ Քաթարի համար նախագահական ընտրութեան հիմնական թեկնածու է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն անուան շուրջ լիբանանեան ընդարձակ համախոհութիւն չկայ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ երկխօսութեան իր նախաձեռնութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ ինք կ՛ակնկալէր Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հաւանութիւնը, սակայն անոնք մերժած են երկխօսութիւնը: Պըրրի շեշտեց, որ քաթարեան նախաձեռնութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ քաթարցի պատուիրակը Լիբանան հասած է, սակայն իրեն հետ տակաւին կապ չէ հաստատուած:

Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան տագնապը վերադարձած է զերօ կէտին:

Ան ընդգծեց, որ Նիւ Եորքի մէջ հինգ պետութիւններու համախմբումին միջեւ կայացած ժողովը լիբանանցիներուն հետ խաղալու հանդիպում է, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի միջնորդ Ժան Իվ Լը Տըրիանի ստանձնած պարտականութեան լուսանցքայնացում, «որ այլ խօսքով կը նշանակէ ոստում դէպի անորոշութիւն», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ Սէուտական Արաբիա բացատրէ իր պահանջը, որովհետեւ տիրող կացութիւնը անընդունելի է, ու ոմանք լիբանանցիներուն հետ կը խաղան:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ իրենք համաձայն են լուրջ երկխօսութեան մը, որուն յաջողութիւնը ապահովուած է, եւ աւելցուց, որ երկխօսութիւնը մերժողը այն է, որ կը մերժէ զայն յաջողցնելու պայմանները ապահովել:

Նախորդը

Պուխարի. «Մենք Կը Վստահինք Լիբանանցիներուն, Որոնք Իրենց Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ստանձնելու Կարողութիւնը Ունին»

Յաջորդը

Էրտողան Այսօր Ալիեւի Հրաւէրով Կ՛այցելէ Նախիջեւան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?