Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրոնեցքա. «Կը Քաջալերեմ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը, Որովհետեւ Լիբանանցիները Աւելի Լաւ Կեանքի Մը Արժանի Են»

Սեպտեմբեր 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի քաղաքական ներկայացուցչութիւններուն նպատակն է խաղաղութիւնը պահպանել եւ կամ զայն ստեղծել:

Ան ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ներկայացուցչութիւնները կը բարգաւաճին եւ կը կեդրոնանան որոշ հարցերու վրայ` հիմնական սկզբունք ունենալով խաղաղութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան վրայ կեդրոնացումը, որովհետեւ քաղաքական այդ ներկայացուցչութիւնները գործադիր են եւ ընտրութիւններուն ընթացքին կ՛ունենան իրենց դերակատարութիւնը:

«Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի քաղաքական ներկայացուցչութեան նպատակն է զօրակցիլ խաղաղութեան, վերահսկել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնել տեղեկագիրներ տարեկան երեք անգամ կամ չորսամսեայ դրութեամբ, որպէսզի հետեւին Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, կապ պահեն քաղաքացիական ընկերութեան, մտաւորականներուն, հոգեւորականներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ», ըսաւ ան:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ տեղեկագիրը առարկայական կերպով կը պատրաստուի: Ան նկատել տուաւ, որ ինք 2018-էն ի վեր կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն` աւելցնելով, որ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ է, եւ անոր մասին խորհրդակցութիւններ կը կատարուին:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ հիմնականին մէջ Լիբանանին կը թելադրուի բարեկարգումներ կատարել, աւելի լաւ ապագայ մը եւ դրական մթնոլորտ ապահովել նորահաս սերունդներուն:

Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին անդրադառնալով` Վրոնեցքա յայտնեց, որ իրենք կը հսկեն այդ բանաձեւին գործադրութեան, որպէսզի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադուլը վերջնականացուի: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ ՄԱԿ բնաւ միջամուխ չի դառնար սահմանագծումի աշխատանքին, որովհետեւ անիկա իրաւունք մըն է, որ իւրաքանչիւր երկրի կը վերապահուի: «Բայց եւ այնպէս եթէ կրցանք այս իմաստով դիւրութիւններ ներկայացնել, ապա անկասկած պատրաստակամ ենք», ըսաւ ան:

Վրոնեցքա շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը ռազմավարական նուաճում մը կը նկատուի եւ անիկա երկրին տնտեսական բարգաւաճման դռները լայն կը բանայ, յատկապէս նաւթի արտահանումին իմաստով:

Ան նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը հսկեն սահմանային անվտանգութեան` աւելցնելով, որ ՄԱԿ անհրաժեշտ կը գտնէ, որ Լիբանանի տարածքին լիբանանեան բանակը իր հակակշիռը բանեցնէ` ծառայելու համար լիբանանցիներուն:

Վրոնեցքա հաստատեց Լիբանանի մէջ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ կայացնել նախագահական ընտրութիւնը: «Կը քաջալերեմ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ լիբանանցիները աւելի լաւ եւ խաղաղ կեանքի մը արժանի են», հաստատեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ Վրոնեցքա շեշտեց, որ իրենք դիւանագիտական ջանքեր ի գործ կը դնեն եւ կը քաջալերեն երկխօսութիւնը` պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու նպատակով:

ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ թէեւ միջազգային հնգեակը կը փորձէ օժանդակել Լիբանանին` նախագահական ընտրութեան առումով, «սակայն եթէ միջլիբանանեան համաձայնութիւն գոյանայ հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի մը շուրջ` առանց արտաքին օժանդակութեան, ապա անիկա լիբանանեան հսկայ նուաճում մը պիտի ըլլայ, եւ պիտի կարենայ Լիբանանի վարկին հանդէպ հսկայ վստահութիւն ստեղծել», հաստատեց ան:

Վրոնեցքա ցաւ յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի զինուորին սպանութեան համար` հաստատելով, որ պէտք է լաւ հոգալ խաղաղապահ զինուորներուն անվտանգութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վրոնեցքա յայտնեց, որ առաջին իսկ վայրկեանէն ՄԱԿ-ի կեցուածքը յստակ էր` թափանցիկ հետաքննութիւն մը պահանջելով, ինչպէս նաեւ արձանագրուած զոհերը յարգելով ու թելադրելով դատաւորներուն, որ դերակատարութիւն ունենան:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ միջազգային հետաքննութիւն բանալու պահանջներուն մասին Վրոնեցքա յայտնեց, որ անիկա ունի յստակ նախապայմաններ` աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է տեղեկագիրին մէջ նշել այդ պահանջը:

Վրոնեցքա մաղթեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները զբաղին այդ հարցով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Մենք Չմահացող Դատն Ենք Եւ Ծունկի Չեկող Հոսանքը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?