Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան

Հոկտեմբեր 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին առնչութեամբ լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան նկատմամբ` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը:

Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դէմ կատարուած ցոյցին մասին լիբանանեան մամուլին ունեցած անդրադարձին:

Ռազի Հաժ. «Արցախի Հայոց Դէմ Կատարուածը Ցեղային Զտում Է, Որ Մերժելի Է»

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան միջամտելու եւ վերջ տալու Արցախի մէջ ոճրային գործողութիւններուն: «Արցախի հայոց դէմ կատարուածը ցեղային զտում է, որ մերժելի է ու միջազգային օրէնքի խախտում կը նկատուի: Միջազգային ընտանիքը պէտք է կասեցնէ այդ ոճրային գործողութիւնները եւ միջամտէ, որ իրենց բնակարաններէն բռնի տեղահանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ապահով կերպով վերադառնայ իր հողերը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուին ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու անոնց իրաւունքները»:

Մըլհեմ Խալաֆ. «Ուժի Եւ Շահերու Տրամաբանութիւնը Կը Յաղթէ Ապահովութեան Եւ Մարդկայնութեան Տրամաբանութեան»

Փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ  կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արցախի մէջ տեղի ունեցողը մարդկային անզօրութեան սխալները չկրկնելու այլ տեսարան մըն է: Երկիրները դարձեալ կը պարտուին մարդկային իրաւունքները յարգելու դիմաց եւ կը ձախողին գործադրելու Մարդկային իրաւանց ուխտը: Այս բոլորին պատճառով ուժի եւ շահերու տրամաբանութիւնը կը յաղթէ ապահովութեան եւ մարդկայնութեան տրամաբանութեան»:

Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Երեւանի Ղեկավարութեան Կողմէ Գործընկեր Փոխելու Քայլը Ռազմավարական Սխալ Հաշուարկ Մըն Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կատարեց երկրորդ գրառում մը, որ հետեւեալն է. «Արցախի հայութիւնը շրջանային փոփոխութիւններու գինը կը վճարէ, եւ, ինչպէս միշտ, կազատարերը շատ աւելի կարեւոր կը նկատուին, քան` ազգային տենչանքները: Միաժամանակ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը մտածէ, թէ գործընկեր փոխելով, այլ խօսքով` Մոսկուայէն հրաժարելով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ գործակցելով կրնայ որոշ երաշխիքներու յանգիլ: Այս քայլը փաստեց, որ ամբողջութեամբ ռազմավարական սխալ հաշուարկ մըն է»:

Սալեմ Զահրան. «Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն Մինչեւ Արցախ Արեամբ Կը Վճարէ Իր Գոյութեան Գինը»

Լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան եւ «Իրթիքազ» տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Սալեմ Զահրան կատարեց հետեւեալ գրառումը. «ՄԱԿ որոշած է Լեռնային Ղարաբաղ գործուղել պատուիրակութիւն մը, որպէսզի մարդասիրական կարիքներու արժեւորում մը կատարէ: Ինչքա՛ն անարգ է այս աշխարհը, երբ դահիճը ազատ կը ձգէ իր փափաքած ձեւով անճիտելու զոհը, եւ ապա մարդկային հագուստները հագուած կը վերադառնայ… Հայ ժողովուրդը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախի հայաթափումը, իր գոյութեան սակը արեամբ կը վճարէ, տեղահանուելով, բռնագաղթի ու չարչարանքի ենթարկուելով, յաչս` ՄԱԿ-ի եւ մարդկային արժէքներ դաւանող կազմակերպութիւններուն»:

Մուրապիթուն. «Կը Դատապարտենք Ապահովական Կառոյցին Կողմէ Բանեցուած Ճնշումը` Լիբանանահայ Ցուցարարներուն Վրայ, Որոնք Կ՛ուզէին Իրենց Բողոքը Արտայայտել Ազրպէյճանի Ճիաղային Քաղաքականութեան Դէմ»

Անկախ նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենց համար զարմանալի է ու դատապարտելի` Լիբանանի ապահովական կառոյցին կողմէ բանեցուած ճնշումը` լիբանանահայ ցուցարարներուն վրայ, որոնք կ՛ուզէին իրենց բողոքը արտայայտել Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ճիւաղային քաղաքականութեան, հայասպանութեան եւ տասնեակ հազարաւոր հայերու բռնի տեղահանութեան դէմ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նախապէս այլ շրջաններու մէջ նման բողոքի ցոյցեր կազմակերպուած են, սակայն այդ ցոյցերուն ընթացքին անհամաչափ ուժ չէ գործադրուած` ազրպէյճանական դեսպանատունը պաշտպանելու համար:

Նումուր Ահրար. «Ժողովուրդներու Դէմ Գործուած Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Միջազգային Կեցուածքը Խիստ Ամօթալի Է»

Նումուր Ահրար կուսակցութիւնը իր պաշտօնական էջին վրայ զետեղեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր հայ ժողովուրդին դէմ գործուածը ցաւալի է ու ողբալի: Իսկ անձնական շահեր ապահովելու փոխարէն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն դէմ գործուած ոճրային քաղաքականութեան ու ցեղասպանութեան նկատմամբ միջազգային կեցուածքը խիստ ամօթալի է»:

«Ժումհուրիա». «Հաւաքական Ցեղասպանութիւն` 21-րդ Դարուն»

«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան թիւին Ա. էջով անդրադարձաւ օր մը առաջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած «Բոլորս Արցախ ենք» պահանջատիրական ցոյցին` զետեղելով ցոյցէն լուսանկար մը եւ անոր վրայ արձանագրելով հետեւեալ գրութիւնը. «Հաւաքական ցեղասպանութիւն` 21-րդ դարուն»:

Միւս կողմէ, նոյն օրաթերթին 7-րդ էջով անդրադարձ մը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած «Բոլորս Արցախ ենք» պահանջատիրական ցոյցին` հաստատելով, որ անոր նպատակն էր մերժել Արցախի հայութեան դէմ գործուած ցեղային զտումը:

«Ժումհուրիա»-ի անդրադարձին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ հազարաւոր ցուցարարներ պահանջեցին յարգել մարդկային իրաւունքները եւ երաշխաւորել Արցախի հայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:

Նոյն անդրադարձը ակնարկեց նաեւ ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Լութֆիկ Այվազեանի արտասանած խօսքերուն:

«Նիտա Ուաթան». «Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ. Անկախութեան Երազի Ահաբեկումը»

«Նիտա Ուաթան» օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան թիւին Ա. էջով անդրադարձաւ հինգշաբթի օր Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած «Բոլորս Արցախ ենք» պահանջատիրական ցոյցին: Օրաթերթին Ա. էջին վրայ զետեղուեցաւ ցոյցէն լուսանկար մը, որուն վրայ արձանագրուեցաւ հետեւեալ խորագիրը. «Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ. անկախութեան երազի ահաբեկումը»:

Այս լրատուութեան բովանդակութիւնը անդրադարձաւ Արցախի հայաթափումին եւ Արցախի նախագահին այն յայտարարութեան, թէ Արցախի հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Լրատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Երեւանի մէջ ընդդիմութեան կողմէ կատարուող բողոքի ցոյցերուն, Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործադրած` արցախցի պետական պաշտօնատարներու եւ զինուորականներու ապօրինի ձերբակալութիւններուն:

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Հետաքննութիւն Պիտի Բանայ Ցոյցին Մասին

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մաուլաուի Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր քննիչներէն պիտի պահանջէ ընդարձակ հետաքննութիւն բանալ Այն Աարի մէջ ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց կատարուած ցոյցին ընթացքին արձանագրուած ընդհարումներուն եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ անհամաչափ ուժի կիրարկումին շուրջ, որոնց պատճառով ինկան վիրաւորներ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Մաուլաուի տեղեակ չէր պահուած, որ ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազեր արձակուած են եւ  ցոյցին մասնակից պատանիներ վիրաւորուած ու հիւանդանոց փոխադրուած են:

«Մաուլաուի պիտի սպասէ հետաքննութեան արդիւնքներուն եւ ճշդուելիք պատասխանատուութիւններուն, որոնց լոյսին տակ պիտի որդեգրէ համապատասխան միջոցառումներ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Այս մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Յակոբ Բագրատունի «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի կողմէ բացուելիք հետաքննութիւնը` ՀՅԴ-ի կազմակերպած ցոյցին ընթացքին դեսպանատունը պաշտպանելու նպատակով ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած անհամաչափ ուժին մասին, պատասխանատու նախաձեռնութիւն է, զոր կ՛ողջունենք` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը»:

 

Նախորդը

«Էմ. Թի. Վի.»-էն Լրագրողական Խումբ Մը Մեկնեցաւ Հայաստան

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Ազրպէյճան Ուժ Պիտի Չկիրարկէ Հայաստանի Տարածքով Ցամաքային Միջանցք Ստեղծելու Համար»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?