Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կը Զգուշացնենք Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Յստակ Վտանգէն Եւ Կը Պահանջենք Փակել Սահմանները»

October 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Զահլէ կատարած այցելութեան ընթացքին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Զահլէի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին շեշտեց հետեւեալը. «Մեր պատասխանատուութիւնն է ընդդիմանալ սուրիացի տեղահանուածներու վտանգին: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց թեկնածուն հանրապետութեան նախագահութեան հասցնել, կը հաստատենք, որ անոնք կ՛երեւակայեն»:

Պասիլ վերստին կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ ծրագիրի մը վրայ հիմնուած երկխօսութիւն կատարելու:

Պասիլ Զահլէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆի հետ:

Սքաֆ ողջունեց Պասիլի այցելութիւնը` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ Զահլէն լուսանցքայնացնել` աւելցնելով, որ Զահլէ Արեւելքի իրենց դարպասն է:

Պեքաայի տնտեսական խորհուրդներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Պասիլ շեշտեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը հաստատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի բոլոր շրջանները իրենց դերակատարութիւնը կատարեն եւ երկրին բարգաւաճման նպաստեն:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Զահլէի հոգեւոր առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Սեզար Մաալուֆի հետ:

Պաալպեքի Ժտայտեթ Ֆեքհա գիւղաքաղաքին մէջ Պասիլը մեծարելու նպատակով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութեան` ընդգծելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է երկխօսութիւն կատարելու բոլորին հետ:

Ան ընդգծեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել տնտեսական-ելեւմտական մարզը:

«Սակայն այս բոլորը կատարելու համար մենք պէտք ունինք հանրապետութեան նոր նախագահի մը, որ նախկին վարչակազմի ներկայացուցիչներէն չըլլայ, այլ` նախագահ մը, որ յանձնառու ըլլայ պետական կառոյցները բարեկարգելու` նոր ծրագիրի մը հիման վրայ:

Պասիլ զգուշացուց սուրիացի տեղահանուածներուն կողմէ Լիբանանի գոյութեան սպառնացող յստակ վտանգէն` պահանջելով փակել երկրին սահմանները:

Պասիլ այցելեց նաեւ Քաայի Մար Էլիաս եկեղեցի, ուր ներկայ գտնուեցաւ հոն մատուցուած Ս. պատարագին:

 

 

Նախորդը

Լապուէի Մէջ Քաղաքայիններ Կը Յարձակին Բանակին Վրայ

Յաջորդը

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.