ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որուն յայտնեց իր դատապարտումը` Անգարան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութեան, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ: Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Միքաթիի` անոր քրոջ մահուան առիթով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ Իսլամական հոգեւոր խորհուրդին ընտրութիւնները կատարուեցան կատարեալ թափանցիկութեամբ, խաղաղութեամբ եւ բոլոր թեկնածուներուն կողմէ փոխադարձ յանձնառութեամբ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ երկիրը իր տագնապներէն փրկելու արմատական լուծումը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական վարչակարգի հիմնումն է:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը զգուշացուց Լիբանանը իր զաւակներէն պարպելու փորձերէն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ աղբերու գոյութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ տեղատարափ անձրեւներու պարագային ողողումներ արձանագրուին Տըպպայէի մայրուղիին վրայ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ողջունեց Պէյրութի մէջ «Սփութնիք» ռատիոկայանի գրասենեակի բացումը` հաստատելով, որ Պէյրութը կը շարունակէ մնալ արաբական եւ համաշխարհային տեղեկատուութեան կեդրոնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ թունուզցի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Մենեմ Պալաաթիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ստորագրեցին փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փափաքին պայթեցնել Պաալպեքի սիւները: Ան կոչ ուղղեց բոլորին Պաալպեքը հանգիստ եւ խաղաղ ձգելու:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար աշխարհի կանոններէն հեռու մնալ` աւելցնելով, որ նախագահական դատարկութեան փուլը պէտք չէ այսքան երկարատեւ ըլլայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ` աւելցնելով, որ անիկա կը վերածուի վտանգաւոր ազդանշանի մը` Արամուն-Ալէյ միջադէպէն ետք: Խազեն հաստատեց, որ պէտք է անմիջական քայլերու դիմել, նախքան ապահովական դէպքերուն ռումբը պայթիլը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն շատ աւելի կարեւոր է նախագահական ուղեգիծի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ չ՛երեւիր, հակառակ աշխուժ եւ բազմազան նախաձեռնութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց Լիբանանը զանց կացուցելու շրջանին համար ծրագրուող նոր Սայքս Փիքոյէն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է անմիջապէս կատարուի` միաժամանակ նշանակելով երկրին զինուորական խորհուրդը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը մահացու է` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է գործեն լիբանանցիներուն շահերը ապահովելու ուղղութեամբ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը կարիքը ունի միջազգային ամպիոններուն վրայ զայն հնչեցնելու քաղաքական յանդգնութեան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են երկու սուրիացիներ, որոնք հարիւրաւոր մարդիկ` լիբանանցիներ, սուրիացիներ եւ եգիպտացիներ ապօրինի կերպով եւ նաւեր օգտագործելով փախցուցած են դէպի Իտալիա եւ Յունաստան, Լիպիոյ վրայով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ներքին համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով արտաքին վեթօ մը կայ: