Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջլիբանանեան Երկխօսութեան Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Սերտ Ճիգեր` Վերակենդանացնելու Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ տարիէ մը ի վեր նախագահական թափուր աթոռի հարցին լուծումը առանցքը կը կազմէ տեղական թէ արտաքին քաղաքական թէ կուսակցական առնչակից կողմերու մտահոգութեանց, առանց կարենալու դրական ու խոստմնալից եզրայանգումի հասնելու: Փաստօրէն, մէկէ աւելի առիթներով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կոչը` միջլիբանանեան երկխօսութեան մը իրականացման գծով, ինչ-ինչ պատճառներով ու առարկութիւններով ձգձգուեցաւ: Հոսկէ` «ես իմ պարտականութիւնս ըրի, մնացեալը իրենք թող մտածեն» իմաստը փոխանցող յայտարարութեամբ մը Նեպիհ Պըրրի երէկ գուժեց երկխօսութեան մօտալուտ թուականի մը կարելիութիւնը: Թէեւ անոր խորհրդականներէն երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ առնչակից պատկան կողմերու կարծր կեցուածքներու մեղմացման լոյսին տակ կարելի կը դառնայ միջլիբանանեան երկխօսութեան յաջողութիւնը, այսուհանդերձ դէտեր յոռետես են նախագահական ընտրութեան կանաչ լոյս տալու կոչուած նման հանդիպման մը իրականացման գծով, գէթ մօտերս: Խորքին մէջ միջլիբանանեան երկխօսութեան մը հաւանականութիւնը առաւել յուսալից կը թուի յառաջիկայ հոկտեմբերին նախատեսուող շփումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ:

Արդարեւ, յառաջիկայ շաբաթներուն դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ կը նախատեսուի Լիբանանի մէջ, երբ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը, Ֆրանսայի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան, Վատիկանի պապական ներկայացուցիչ Քլաուտիօ Կոտժերութի, (առանց մոռնալու Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին մագոգային հանդիպումները լիբանանցի վարիչներուն հետ) եւ այլ քաղաքական դէմքեր Լիբանան այցելեն, իրենց պետութեանց խոր մտահոգութիւնը յայտնելու Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր կարգավիճակին գծով, փորձելով լուծման եզրի մը յանգիլ լիբանանեան պատկան կողմերուն հետ: Այս գծով արդէն իսկ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ թէ Ֆրանսայի «ներկայացուցիչները» քուլիսներու ետին սերտ ճիգերու ձեռնարկած են` քննելու համար առնչակից տարակարծիք կողմերու բազկերակը: Այս դիտանկիւնէն կարելի է ըմբռնել օրինակ, երէկ` երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերի երեկոյեան, Քաթարի դեսպանին ուշագրաւ հանդիպումը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար  Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, այս վերջինի Քլեմանսոյի բնակարանին մէջ: Նոյն ծիրին մէջ, Քաթարի յատուկ պատուիրակ Սէուտ Պեն Ֆայսալ Ալ Թանիի ձեռնարկած քուլիսային  շփումներու կողքին, Քաթարի դեսպանատունը  հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ Պեն Ապտէլ Ռահման Ալ Թանի անցնող երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:

Ներքին ճիգերու ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ երէկ` երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի: Այս առիթով Պասիլ շեշտեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը միաժամանակ զգուշացնելով սուրիացի տեղահանուածներու հոսքէն, առաջարկելով կանխարգիլել անոնց Լիբանան մուտքը ցամաքէն, «այնպէս ինչպէս ծովու ճամբով անոնց Եւրոպա մուտքը կ՛արգիլուի»:

Իր կարգին, Ֆրանսայի յատուկ պատուիրակ, Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ «Ֆրանս Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյց մը ունենալով կոչ ուղղեց լիբանանեան պատկան կողմերուն` որոշ զիջումներով ներկայանալու եւ երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբուելու: «Լիբանանի գոյատեւումը վտանգուած է» շեշտած է Լը Տրիան` անուղղակիօրէն զգուշացնելով, թէ Լիբանանի հարցին նպաստելու կոչուած արտաքին հնգեակ յանձնախումբը կրնայ անիմաստ գտնել նման ամուլ ճիգերու մթնոլորտին մէջ Լիբանանին նիւթապէս օժանդակելու կարեւորութիւնը: Ան կոչ ուղղած է երրորդ ընտրանքի մը դիմելու նախագահական թեկնածուներու «ցուցակ»-ին գծով, երբ կարելի չէ համախոհութեան յանգիլ առաջադրուող թեկնածուներու` նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի անուններուն գծով: Այս ծիրին մէջ դէտեր կը նկատեն, թէ երրորդ ընտրանքի հաւանական թեկնածու` բանակի հրամանատար, զօրավար Ժոզեֆ Աունի ի նպաստ «ձայները» զգալի աճ արձանագրած են, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր  տնօրէնի պաշտօնակատարի անուան կողքին:

Քաղաքական այս անստոյգ կացութեան լոյսին տակ լիբանանցիք, ղեկավար թէ ժողովրդային մակարդակի վրայ, օր ըստ օրէ շեշտակիօրէն կը հնչեցնեն Լիբանանի` իբրեւ ինքնուրոյն անկախ պետութիւն գոյութեան սպառնացող ժողովրդագրական վտանգը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը. ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, անոնց թիւը մէկ միլիոնը կը շրջանցէ: Մինչ ըստ այլ աղբիւրներու, աւելի քան երկուքուկէս միլիոնը անց է անիկա, ու տակաւին կը շարունակուի Սուրիայէն Լիբանան անոնց ապօրինի հոսքը, ինչ որ տնտեսական, ապահովական եւ ժողովրդագրական լուրջ սպառնալիքներու դուռ կը բանայ:

 

 

Նախորդը

Փիւնիկ-Երեւան Իր Աջակցութիւնը Յայտնեց Արցախին

Յաջորդը

Անթոնով. «Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զերծ Մնալու Ծայրայեղ Վտանգաւոր Խօսքերէն Ու Քայլերէն, Որոնք Կը Յանգեցնեն Հայաստանի Մէջ Հակառուսական Տրամադրութիւններու Արհեստական Աճին»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

Դեկտեմբեր 2, 2023
ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ  Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»

Դեկտեմբեր 2, 2023
Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան  Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Դեկտեմբեր 2, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In