Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մենք Չմահացող Դատն Ենք Եւ Ծունկի Չեկող Հոսանքը»

September 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ընկերակցութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի, շրջեցաւ Աքքարի գիւղաքաղաքներուն մէջ:

Քըպպէյյաթի մէջ Պասիլ եւ զօր. Աուն ներկայ գտնուեցան ժողովրդային հաւաքի մը, որուն ընթացքին Պասիլ շեշտեց լիբանանեան բանակի կեանքին ու դերակատարութեան մէջ Աքքարի բնակիչներուն կարեւորութեան եւ ունեցած ներդրումին, «իսկ այսօր այս շրջանը կը վճարէ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան սակը», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր խոստումը յարգած է եւ Աքքարի ներկայացուցչութիւնը ապահոված խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ Ազգային ազատ հոսանքը յանձնառու կը մնայ այս շրջանին նկատմամբ եւ անոր նկատմամբ սէր կը տածէ:

Պասիլ նշեց, որ հակառակ Լեռնալիբանանի մէջ երեսփոխաններ կորսնցնելուն, Ազգային ազատ հոսանքը ճիգ թափեց, որ Աքքարի մէջ ներկայացուցչութիւն ապահովէ:

«2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ոմանք գրաւ դրին մեր պարտութեան վրայ, սակայն անոնք անհետացան ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք: Մենք չմահացող դատն ենք եւ ծունկի չեկող հոսանքը: Արդեօք չե՞ն գիտեր, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանքը ամբողջական ընդդիմութեան ուղղուի, աւելի եւս կը հզօրանայ», հարց տուաւ Պասիլ:

Ան յայտնեց, որ երկրին համար ձախող համաձայնութիւններով եւ գործարքներով շարունակող կողմերը կրնան շարունակել իրենց ընթացքը` աւելցնելով, որ իրենք անոնց մաս պիտի չկազմեն, այլ յաջողութիւն պիտի մաղթեն` գիտնալով հանդերձ, որ անոնք պիտի ձախողին:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու եւ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործող սուրիացի գաղթականներու երեւոյթին` Պասիլ շեշտեց, որ անիկա կը կատարուի կազմակերպուած կերպով` ծանօթ աւազակախումբերու ձեռամբ: Ան հարց տուաւ ապահովական կառոյցներուն, թէ ինչո՞ւ անոնք չեն փակեր այն ապօրինի մուտքերը, որոնք բաց են սուրիացի գաղթականներուն դիմաց եւ չեն ձերբակալեր ապօրինի մուտք գործող փախստականները:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ կան լիբանանցի պատասխանատուներ, որոնք կը դիւրացնեն սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան մուտքը` անոնց դիմաց բանալով երկրին սահմանները: «Արդեօք արտօնելի՞ է, որ նման արարքներու պատասխանատուներ հանրապետութեան նախագահ ընտրենք», հարց տուաւ ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան ներքին երկխօսութեան` Պասիլ հաստատեց, որ իրենք շինիչ եւ արդիւնաւէտ որեւէ երկխօսութեան դէմ չեն, եւ նախապայմաններ չեն ճշդած այդ իմաստով, այլ` պարզապէս ընդգծումներ կատարած են երկխօսութեան յաջողութեան տուեալներուն մասին, «իսկ հանրապետութեան նախագահին ծրագիրը մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, քան` անոր անունը», հաստատեց ան:

Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ձախողութեան ոչ մէկ տարազի մասնակից պիտի դառնայ` հաստատելով, որ անոր եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ոչ ոք կրնայ բաժանում սերմանել:

 

Նախորդը

Վրոնեցքա. «Կը Քաջալերեմ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը, Որովհետեւ Լիբանանցիները Աւելի Լաւ Կեանքի Մը Արժանի Են»

Յաջորդը

Պըրրիի Նախաձեռնութիւնը Կը Սպասէ Հնգեակին Երկխօսութեան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.