Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Նախաձեռնութիւնը Կը Սպասէ Հնգեակին Երկխօսութեան

September 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան իմաստով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, եւ նախքան յառաջիկայ ամիսը կարելի պիտի չըլլայ որեւէ ակնկալութիւն ունենալ այդ իմաստով:

Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նշանակած յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան եւ քաթարցի պատուիրակ` պետական նախարար Մոհամետ Ապտել Ռահման Խլեֆի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը այցելեն Լիբանան` ներկայացնելու համար արաբական-միջազգային հնգեակին կողմէ Նիւ Եորքի մէջ ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Նշենք, որ հնգեակը չէր կրցած յստակ հաղորդագրութիւն մը հրապարակել, որովհետեւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած էին տարակարծութիւններ:

Միւս կողմէ, հինգ պետութիւնները միաձայնութեամբ չէ, որ համաձայնութիւն յայտնած էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած երկխօսութեան նախաձեռնութեան: Անոնցմէ ոմանք համաձայնեցան եւ ոմանք մերժեցին` ընդգծելով նախքան երկխօսութիւն կատարելը հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:

Հնգեակին մօտ յառաջացած տարակարծութեան հիմնական պատճառը նաեւ այն է, որ այդ խմբաւորումին մաս կազմող կողմեր տակաւին յստակ որոշում չեն տուած եւ կեցուածք չեն ճշդած, որովհետեւ անոնք կը սպասեն սէուտական-իրանեան համաձայնութեան եւ անոր Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութեան:

Այս իրականութիւնը դժուար կացութիւն կը ստեղծէ եւ չ՛արտօներ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան յստակ ժամկէտ ճշդել:

Ամէն պարագայի սակայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան ճակատագիրը պիտի ճշդուի Լը Տըրիանի եւ Խլեֆիի Պէյրութ վերադարձէն ետք:

Ներքին լիբանանեան առումով եւս Պըրրի տակաւին քաղաքական կարգ մը ուժերէ յստակ պատասխան չէ ստացած իր առաջադրած նախաձեռնութեան մասին:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան եկած քաթարցի պատուիրակ Ժասեմ պըն Ֆահըտ Ալ Թանին հանդիպումներ ունեցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Նախատեսուած է նաեւ, որ ան հանդիպումներ ունենայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ անոր հօր` Ուալիտ Ժոմպլաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, ինչպէս նաեւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատի հետ:

Նախորդը

Պասիլ. «Մենք Չմահացող Դատն Ենք Եւ Ծունկի Չեկող Հոսանքը»

Յաջորդը

Զաթուլին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Վրայ Յարձակումներն Ու Ռուս Զինուորներու Կորուստը Պատահականութիւն Չեն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.